Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստան-Ռուսիա առողջապահական 9րդ համաժողովին ընթացքին, Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին հաստատեց, որ ռուսական կողմէ կայ յստակ քաղաքական կամք` պահպանել եւ նոր մակարդակի բարձրացնելու Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւնները:
«Համաժողովը տեղի կ՛ունենայ շատ կարեւոր ժամանակաշրջանի մը, երբ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ համար շատ կարեւոր է ոչ միայն պահպանել այն բոլորը, որոնք մեզ կը միաւորեն, այլ նաեւ համագործակցութիւնը բարձրացնել նոր մակարդակի մը եւ զայն յարմարցնել նոր պահանջներուն», աւելցուց Քոփիրքին, ըստ որուն, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ընդհանուր պարունակին մէջ առողջապահութեան ոլորտը յատուկ տեղ կը գրաւէ:
«20 Դեկտեմբերին, Հայաստան-Ռուսիա միջկառավարական յանձնաժողովի յաջորդ նիստին պիտի քննարկուին նաեւ առողջապահութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան հարցեր եւ պիտի համաձայնեցուին երկու երկիրներուն նախարարութիւններուն միջեւ շարք մը հարցերու շուրջ պայմանաւորուածութիւններ», ըսաւ Քոփիրքին: