Հայաստանի կառավարութենէն եւ Պրիւքսէլէն ստացուած ազդակները յոյս կը ներշնչեն, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պիտի շարունակուի Փետրուար 2025էն ետք ։ Հանրային ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց առաքելութեան ղեկավար Մարքոս Ռիթըր:
Ասոր զուգահեռ, 17 Դեկտեմբերին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գրասենեակը այցելեց Նետերլանտներու (Հոլանտայի) դեսպան Մարիքէ Մոնրօ Վինթերը։

Առաքելութիւնը «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Պատիւ է հիւրընկալել Հայաստանի մօտ Հոլանտայի դեսպանը։ Անոր զեկուցուեցաւ առաքելութեան գործունէութեան մասին: Ան հանդիպում ունեցաւ Հոլանտայի անձնակազմին եւ Խաչիկ գիւղի տարածքին միացաւ պարեկութեան: Ներկայիս Եւրոպական Միութեան առաքելութեան մէջ կ՛աշխատին 7 հոլանտացի մասնագէտներ»։