ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այսօր ինչ պատկեր կը պարզէ անգլիահայ երիտասարդութիւնը, որո՞նք են անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները:
ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ.- Սկսելու համար, նախ ընդհանուր ակնարկ մը պէտք է նետել Անգլիոյ հայութեան կազմաւորման պատմութեան վրայ, որովհետեւ երիտասարդութեան ներկայ վիճակը ուղղակիօրէն կապուած է համայնքի կազմաւորման հետ՝ անցեալէն մինչեւ հիմա: Ըսեմ նաեւ, որ անձնապէս աւելի մօտէն ծանօթ եմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի, «Համազգային»ի եւ ՀՕՄի շրջանակին:
Անգլիահայութիւնը շարունակ փոփոխութեան ենթարկուող գաղութ մը եղած է. կան հինէն հաստատուած սակաւաթիւ ընտանիքներ, ինչպիսիք են՝ հնդկահայերը, կիպրահայերը: Միջին Արեւելքի անկայուն քաղաքականութեան պատճառով եւ քաղաքացիական պատերազմներէն ետք այս հատուածին յաջորդեցին պարսկահայերը, իրաքահայերը, որոնք այսօր պատկառելի թիւ մը կը ներկայացնեն համայնքին մէջ, հետագային աւելցան փոքր թիւով լիբանանահայեր եւ սուրիահայեր: Այժմ ականատես կ՚ըլլանք, նոր երեւոյթի մը, որ Հայաստանէն արտագաղթող եւ Անգլիա կայք հաստատող ընտանիքներու պարագան է. այս հատուածն ալ, ինչպէս միւսները, ընկերային կեանքի մէջ փոքր խմբակներու վերածուած են, տեսակ մը ներքին փոքրամասնութիւններ ստեղծուած են: Հայաստանէն նոր եկողները տակաւին չեն երեւիր միութիւններուն մէջ, այլ միայն՝ եկեղեցիներուն մէջ: Այս բոլորին վրայ կրնանք նաեւ աւելցնել ժամանակաւոր կերպով Անգլիա ուսանելու եկած համալսարանականները, որոնց թիւը դժուար է գիտնալ, ոմանք մուտք կը գործեն գաղութային կեանքին մէջ եւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն համայնքային աշխատանքներուն, իսկ ոմանք զանազան պատճառներով բնաւ չեն երեւիր: Շատեր ուսման աւարտին կը մեկնին, իսկ ուրիշներ կը հաստատուին Անգլիա: Ահաւասիկ լոնտոնահայութեան այսօրուան ընդհանուր պատկերը:
Անգլիոյ մէջ հայերու թիւը մօտաւորապէս տասը հազար կը հաշուէ, իսկ Լոնտոնի մէջ՝ եօթը հազար: Հինէն հաստատուածներուն մեծամասնութիւնը անգլիախօս է, իսկ Միջին Արեւելքէն ներգաղթողներու առաջին սերունդը որոշ չափով կը տիրապետէ հայերէնի: Հայախօսութեան պատկերը տարիքի համեմատ աստիճանաբար կը վատթարանայ. սերնդափոխութեան պատճառով հայերէնի մակարդակը սկսած է խօսակցականով սահմանափակուիլ, ինչ կը վերաբերի երրորդ սերունդին, անոնք բոլորովին անգլիախօս սկսած են ըլլալ՝ յարգելով բացառութիւնները:
Համայնքը միախառն, նոյնանման դաստիարակութեան միջավայրի մէջ ծնած ու մեծցած համայնք մը չէ: Լոնտոնի մէջ կը լսենք արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն, յաճախ նշմարելի է երիտասարդներուն քով երկուքին խառնուրդը, իսկ ինչպէս ըսի փոքրերը բոլորովին դժուարութիւն կ՚ունենան հայերէնով արտայայտուելու…
Բոլորը իրարու կապող միակ ազդակը հայ ըլլալն է եւ անոնց մեծամասնութեան մէկտեղումը եկեղեցւոյ եւ միութիւններուն կը պարտինք:
Փորձեմ առարկայական կերպով բացատրել, թէ ո՛ւր կը կանգնինք այսօր, եւ թէ ի՛նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ ոչ միայն երիտասարդութիւնը, այլ նոյն տուեալներուն պատճառով միութիւնները, համայնքը:
Նշեմ պատասխանատուներու ակնոցով երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններէն մէկ քանիները, որովհետեւ վստահ չեմ, որ երիտասարդութիւնը կ՚անդրադառնայ կամ կը գիտակցի, թէ ինք՝ իբրեւ հայ, կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ կամ արթնամտութիւնը ունի կշռելու, թէ այս ընթացքով որքան ատեն պիտի կարենանք հայ մնալ:
Հայկական դաստիարակութեան միջոցներու պակասը հետեւանքն է հայկական ամէնօրեայ վարժարանի չգոյութեան: Մարզական, մշակութային, երաժշտական բնագաւառներուն մէջ երկրին պարգեւած դիւրութիւնները, ապրուստի պայմաններուն չափազանց սղութիւնը եւ քաղաքին հսկայութիւնը կը դժուարացնեն շաբթուան ընթացքին յաճախակի համախմբումներ. իսկ համալսարանականները կը մեկնին տարբեր քաղաքներ՝ ուսում շարունակելու, կը հեռանան ընտանիքէն, համայնքէն, իրենց առօրեան բոլորովին կը լճանայ անգլիական շրջանակի մը մէջ: Երիտասարդը լաւագոյն պարագային, եթէ նոյնիսկ տուն վերադառնայ, կորսնցուցած կ՚ըլլայ հայութեան հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը՝ մխրճուած ըլլալով առօրեայ կեանքի, աշխատանքի դժուարութիւններու մէջ: Առաւել, կախում ունի, թէ երիտասարդը ո՞ւր կ’աշխատի: Անշուշտ հասկնալի է նաեւ, որ եթէ Լոնտոն կ՚ապրինք, միեւնոյն ժամանակ Անգլիոյ ընկերութեան մաս կը կազմենք եւ չենք կրնար բոլորովին մեկուսանալ. ունինք անգլիացի բարեկամներ, ստիպուած ենք կարդալ անգլիական թերթեր, լսել անգլիական երաժշտութիւն, երթալ անգլիական թատրոն, օփերա եւայլն…
Վերը նշուած իրականութիւնները յաճախակի պատճառ կը դառնան օտար ամուսնութիւններու:
Դժբախտաբար, մեր հարցազրոյցը սկսանք ոչ շատ լուսաւոր պատկերով, այս բոլորին կողքին, կայ նաեւ ահագին աշխատանք, շարժում, յուսադրիչ կամ խոստմնալից սերունդ մը՝ շնորհիւ համայնքի միութիւններուն:
Չափահասներ, որոնք շրջան մը կը բացակային հայկական անցուդարձերէ, աւելի ուշ, երբ կեանքի պայքարը որոշ չափով յաղթահարած ըլլան, նոյնիսկ օտար ամուսնութիւններու պարագային, յանկարծ գործունեայ ներկայութիւն կ՚ըլլան գաղութին մէջ, կարծես հետաքրքրութիւն մը կ՚արթննայ դէպի իրենց արմատները, հայրենիքը:
Ուրիշ երեւոյթներ են միութիւններու աճը եւ անհատական ձեռնարկները:
Հ.- Կրթական մարզը ի՞նչպէս կը ղեկավարուի: Դպրոցը ի՞նչ դրութեամբ է: Ծրագիր կա՞յ դպրոցաշինութեան, եթէ գաղութը անշուշտ անոր կարիքը կ՚ընդգծէ կամ նման նախաձեռնութիւն առնելու պահանջ կը զգայ:
Ս. Թ.- Ունինք շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներ, որոնք տարիներէ ի վեր կը գործեն: Դպրոցները ունին իրենց խնամակալութիւնները եւ կը գործեն իրարմէ անկախ, վարձու դպրոցի մը մէջ։ Շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտութեան մեծ մասը Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ են, որովհետեւ ճիշդ այդ նոյն վայրի մէջ դպրոցի աւարտէն ետք Հ.Մ.Ը.Մ. իր աշխատանքներուն կը սկսի: Կիրակնօրեան հովանաւորուած է եկեղեցական եւ համայնքային խորհուրդին կողմէ: Շնորհիւ այս երկու դպրոցներուն՝ հայերէնի որոշ ուսուցում մը կը փոխանցուի նոր սերունդին: Ներկայիս մեր գաղութի կարելիութեան սահմաններուն մէջ չեմ տեսներ ամէնօրեայ դպրոցի մը ծրագիրը, նոյնիսկ հեռանկարը, մանաւանդ այս օրերուն, երբ բոլորին ուշադրութիւնը ուղղուած է դէպի հայրենիք: Կը կարծեմ, որ շատ ուշացած ենք, Լոնտոնի մէջ կալուածնեը չափազանց սղած են, մանաւանդ որ դպրոցներուն մեծամասնութիւնը ըլլալով պետական՝ բոլորովին ձրի են: Այստեղ պէտք է ըսել, թէ ի՛նչ հիանալի իրագործութիւն մը եղաւ Մարսէյի «Համազգային»ի ճեմարանի յանդուգն քայլը: Դժբախտաբար Անգլիոյ գաղութը տակաւին այդ երազէն հեռու է:
Հ.- Մշակութային մարզին մասին խօսելով՝ բնականաբար առաջին մտածումը կ՚երթայ «Համազգային»ին: Միայն Լոնտոնի՞ մէջ է անոր գործունէութիւնը, եւ ինչպէ՞ս կը գնահատէք շրջանին մասնակցութիւնը «Համազգային»ի համագաղութային կամ համահայկական աշխատանքներուն:
Ս. Թ.- Լոնտոնի «Համազգային»ը մեկուսի մասնաճիւղ է, եւ ուղղակիօրէն կապուած է Կեդրոնական վարչութեան: «Համազգային»ի գործելակերպը ընդհանրապէս տարբեր է ուրիշ մասնաճիւղերէ, վարչութիւնը տարիներու ընթացքին հասած է այն եզրակացութեան, որ իր գործունէութիւնը պէտք է յարմարի Լոնտոնի համայնքի պէտքերուն: Հակառակ անոր, որ Լոնտոնի համայնքային կեանքը բաւական աշխոյժ է, ինչպէս ըսի, գոյութիւն ունին զանազան միութիւններ, ձեռնարկները զիրար կը յաջորդեն, սակայն Լոնտոնի մէջ «Համազգային»ի աշխատանքները չեն սահմանափակուիր ելոյթներով եւ մշակութային ծրագիրներով, այլ մասնաւորաբար թիրախ ունին երիտասարդութիւնը: Գրական, երաժշտական, թատերական, նկարչական եւ կամ ձեռային աշխատանքներու ցուցադրութիւնները յաճախակի են, սակայն ընդհանրապէս երիտասարդութիւնը մասնակից է:
Տարին մէկ աշակերտի Ֆորումի մասնակցութեան ծախսերը վարչութիւնը կու տայ. ուսանողը կ՚ընտրուի համայնքէն՝ ան ըլլայ մեր քոյր միութիւններէ կամ ոչ: Թատերական ծրագիրները ընդհանրապէս մեր երիտասարդ սերունդը մասնակից դարձնելու նպատակով է, շրջան մը «Համազգային»ը Հ.Մ.Ը.Մ.ին տրամադրեց վաստակաւոր բեմադրիչ մը, որ զբաղի սկաուտութեան թատերական աշխատանքներով, թէեւ մնայուն բեմադրիչ չունինք, սակայն հրաւիրեալ բեմադրիչը ընդհանրապէս իրեն հետ բեմ կը հանէ մեր երիտասարդութիւնը, փորձերու ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի հայերէնի առոգանութեան: Վերջին տարիներուն այս ձեւը շատ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է ընտանիքներու մօտ: Վարչականները, ինչպէս նաեւ ծնողները ներկայ կ՚ըլլան փորձերուն, բեմայարդարումը, երաժշտական աշխատանքները կ՚ըլլան երիտասարդներու ձեռամբ, արդիական համակարգիչի օգնութեամբ, խանդավառիչ է, որովհետեւ կը նշմարենք, թէ այդ ընթացքին ինչպէս երիտասարդութիւնը կը միատեղուի, կը նոյնանայ, կը նախաձեռնէ, առաջարկներ, գաղափարներ կը ներկայացնեն: Սակայն մեր նիւթական կարելիութիւնները սահմանափակ են, ստիպուած ենք դիմելու բարերարներու, նպաստներ կը ստանանք «Պէնլեան» հաստատութիւնէն, ապա թէ ոչ անկարելի է Լոնտոնի որակաւոր սրահներուն մէջ հանդէս գալ: Այսօր նոր աշխուժութիւն մը նշմարելի է «Համազգային»ի մէջ, վարչութիւնը կեանքի կոչած է երաժշտական, թատերական, համակարգիչի յանձնախումբեր՝ կազմուած որակեալ երիտասարդներէ, որոնք մեր նախկին Ֆորումի մասնակցած կամ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ելած երիտասարդներ են, կը յուսանք յարատեւեն:
«Համազգային»ը կը գործակցի ՀՕՄի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հետ ունինք մէկ ակումբ, անդամները յաճախ նոյն ընտանիքէն են եւ միութիւնները զիրար կ՚ամբողջացնեն: Կը գործակցինք նաեւ այլ միութիւններու հետ, նշեմ քանի մը հատը. Հայ Դատի Յանձնախումբ, Եկեղեցական խորհուրդ, «Արմինեըն ինսթիթիուտ». ձեռնարկներուն միշտ կը հրաւիրուին եկեղեցականները, համայնքային խորհուրդի անդամներ, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանն ու ընտանիքը եւ դեսպանատան պաշտօնէութիւնը:
Այստեղ յիշեմ նաեւ, որ մօտէն կը գործակցինք Փարիզի «Համազգային»ին հետ, իսկ Մարսէյի ճեմարանին հետ ունեցած ենք փոխայցելութիւններ, եւ դպրոցի շինարարութեան ժամանակ Լոնտոնի «Համազգային»ը նիւթապէս աջակցած էր:
Հ.- Կարեւոր ոլորտ է նաեւ Հայաստան-Սփիւռքի գաղութներ կապը՝ բոլոր մակարդակներուն վրայ: Կրնա՞նք գաղափար մը ունենալ անգլիահայութեան կողմէ այս ուղղութեամբ տարուած գործունէութիւններուն մասին:
Ս. Թ.- Այս ծիրին մէջ նշեմ քանի մը գործունէութիւն: Հայաստանի անկախացումէ եւ Հայաստանի մէջ Անգլիոյ դեսպանատան հիմնումէն ետք, ինչպէս բոլոր այլ պետութիւններու պարագային, կազմուեցաւ անգլոհայկական խորհրդարանականներու խումբը, որ կը գործէ Հայաստանի դեսպանատան կողքին:
Գլխաւոր նպատակակէտ ունենալով Անգլիա-Հայաստան քաղաքական կապերու, յարաբերութիւններու սերտացումը: Պարոնուհի Քոքս այս միութեան անդամ է:
Համահայկական ֆոնտի գործունէութիւնը գլխաւորաբար դրամահաւաքն է, կը հրաւիրէ նաեւ Հայաստանէն որակաւոր արուեստագէտներ, վաստակաւոր երիտասարդ երաժիշտներ:
ՀՕՄի գործունէութեան նպատակը գլխաւորաբար հայրենիքին օգտակար ըլլալ է, ինչպէս գիտենք, ունի սաներու ֆոնտը եւ զանազան օժանդակութիւններ: Հերթական ժողովները տեղի կ՚ունենան կանոնաւոր կերպով, կը կազմակերպեն նաեւ զանազան դասախօսութիւններ, ձեռնարկներ եւ պտոյտներ:
Ինչ կը վերաբերի անգլիահայութեան եւ հայրենիքի կապին, ինչպէս բոլոր սփիւռքահայութեան պարագան, նոյնն է նաեւ անգլիահայութեան պարագան, գաղութին համար Հայաստան այցելութիւնը այլեւս սովորական դարձած է, միութիւնները իրենց բարեսիրական, բժշկական օժանդակութիւնները չեն խնայեր: Կան նաեւ անձնական նախաձեռնութիւններ:
«Համազգային»ի պարագային, կապը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ «Համազգային»ի Հայաստանի գրասենեակին միջոցով, նաեւ շնորհիւ ֆորումին՝ Հայաստանի արուեստագէտներու եւ դասախօսներու հետ մեր կապը չափազանց սերտ է:
Կը պատահի նաեւ, որ գաղութէն անկախ, անգլիական հաստատութիւններու մէջ ելոյթ ունենան հայ արուեստագէտներ: Այս պարագաներուն անշուշտ, հայ համայնքի ներկայութիւնը որոշապէս նշմարելի կ՚ըլլայ:
Հ.- Խօսինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին: Գիտենք, որ աշխոյժ մասնաճիւղ կայ: Խնդրեմ, պարզեցէք անոր գործունէութիւնը՝ մարզական, սկաուտական…:
Ս.Թ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին կարելի է երկար զրուցել: Այսօր Լոնտոնի ամէնէն կազմակերպ միութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ն է, մօտաւորապէս երկու հարիւր յիսուն սկաուտ եւ մարզիկ կը հաշուէ. ներկայիս չափահասներու սերունդ մը հասած է արդէն, ստանձնած, ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ, միութեան պատասխանատուութիւնը, նախորդ սերունդը, մեծերը, մօտէն կը հսկեն միութեան նիւթական կարիքներուն, ձեռնարկներուն, ուղղութեան, եւ այլն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպական աշխատանքները, տարեկան ձեռնարկները պատահականութեան չեն ձգուած, վարչութեան ընտրութեան կը յաջորդէ տարեկան ծրագիրի մշակումը, որ կը ղրկուի բոլոր անդամներուն։ Սկաուտի օրը ժողովուրդը խուռներամ կու գայ քաղելու այն պտուղը, որ տարուան ընթացքին ստացած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջոցով։ Տողանցք, երգ, պար զիրար կը յաջորդեն, մանուկէն մինչեւ պատանին կը մասնակցին ու կ՚երգեն հայերէն։ Ամառուան սկաուտական բանակումը, իր կարգին, մեծ ընդունելութիւն ունի, եւ աւարտին՝ յատկանշական է խրախճանքի օրը։
Հ.Մ.Ը.Մ. կը մասնակցի Եւրոպայի, Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու Հ.Մ.Ը.Մ.ական զանազան խաղերուն եւ Եւրոպայի համահայկական այլ մրցումներուն։
Իսկ համաշխարհային գետնի վրայ սկաուտութիւնը կը մասնակցի Ֆրանսայի եւ Հոլանտայի սկաուտական բանակումներուն։ Պասքէթպոլի աղջկանց եւ տղոց խումբերը կը մրցին նաեւ տեղական՝ Լոնտոնի բաժանմունքներուն մէջ։
Հ.- Հայ Դատի աշխատանքներու ծիրին մէջ վերջերս նախաձեռնութիւններ կ՚առնուին անգլիացի քաղաքական անձնաւորութիւններ Հայաստան եւ Արցախ հրաւիրելու եւ այնտեղ քաղաքական տեսակցութիւններ կազմակերպելու, տեսակէտէն։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք երեւոյթը։
Ս. Թ.- Հայ Դատի Յանձնախումբը, կրնամ ըսել, աշխուժ լուրջ, կազմակերպուած գործունէութիւն մը ունի։ Այսօր Լոնտոնի մէջ երիտասարդ սերունդն է, որ յանձն առած է ու կը գործէ: Ունի լուրջ մօտեցում, քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ լրագրողներու հետ շարունակական կապ, կը կազմակերպեն դասախօսութիւններ, քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներ, Հայաստան ճամբորդութիւններ։ Ցեղասպանութեան հետ առնչուող բոլոր լուրերը կանոնաւոր կերպով կը հաղորդուին հանրութեան ե-նամակի դրութեամբ։
Հ.- Խօսինք նաեւ հոգեւոր-եկեղեցական կեանքին մասին։ Թեմը, գիտենք, Էջմիածնական թեմ է։
Ս. Թ.- Լոնտոնի մէջ գոյութիւն ունին երկու եկեղեցիներ՝ Ս. Սարգիս եւ Ս. Եղիշէ եկեղեցիները։ Երկուքն ալ Հայ Առաքելական եկեղեցիներ են, գոյութիւն չունին կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութիւններու կեդրոններ։ Երկու եկեղեցիները կը գտնուին քաղաքին կեդրոնը՝ Քենզինքթն շրջանին մէջ։ Առաջինը հայկական ոճով փոքր եկեղեցի մըն է՝ հիմնուած Կիւլպէնկեանի կողմէ, 1926 թուականին, ունի իր խնամակալութիւնը, որ կը հոգայ եկեղեցւոյ ծախսերը։ Եկեղեցւոյ կից կը գտնուի առաջնորդարանը եւ «Կիւլպէնկեան» սրահը։ Երկրորդը անգլիական կոթական ոճով հսկայ եկեղեցի մըն է, օրին տրամադրուած է հայ համայնքին՝ անկլիքան եկեղեցւոյ կողմէ. ան տարիներ ծառայեց համայնքին, սակայն եկեղեցին շատ հին ըլլալուն պատճառով պէտք էր, որ օգտագործումէ դադրէր՝ գաղութը կը գտնուէր անել կացութեան դիմաց։ Այսօր եկեղեցին գնուած եւ նորոգուած է՝ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններ հիմնարկութեան կողմէ եւ համայնքին տրամադրութեան տակ դրուած է։ Հոգեւոր մարզին մէջ կը գործեն առաջնորդ սրբազանը, յանձինս Նաթան արք. Յովհաննիսեանի, քահանայ տէր Շնորհ Պաղտասարեանի, սարկաւագներ եւ դպրաց դաս։ Գաղութին գերագոյն մարմինն է Բրիտանահայ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդը, որ կ՚ընտրուի համայնքի քուէարկութեամբ՝ 4 տարին անգամ մը։ Խորհուրդը կը բաղկանայ 17 ընտրեալ անդամներէ եւ ունի իր Եկեղեցական տիկնանց միութիւնը։ Ունի նաեւ «Համայնք» պարբերաթերթը, որ ձրիաբար կը ղրկուի բոլոր անդամներուն։ Թերթին մէջ կը ծանուցուին տեղական լուրեր, Հայ Դատի Յանձնախումբի գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ միութիւններուն տեղեկութիւնները եւ ձեռնարկները։
Գոյութիւն ունի նաեւ երրորդ եկեղեցի մը՝ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ, որ կը կոչուի Ս. Երրորդութիւն. Մանչեսթըրի մէջ կ՚ապրին սակաւաթիւ թիւով հայեր, եկեղեցին հիմնուած է 1870ական թուականներուն, առաջին ներգաղթողներու կողմէ։
«Հայ տուն»ը հիմնուած է 1960ական թուականներուն, գաղութի բարերարներուն կողմէ. փոքր շէնք մըն է Քենզինկթն շրջանին մէջ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մօտ, վերջերս «Հայ տան» Տիկնաց միութիւնը տօնեց իր 40րդ տարեդարձը։ Ունի փոքր սրահ մը, որ տրամադրելի է հանրութեան. հոգեճաշեր, միութենական հաւաքոյթներ, դեսպանատան որոշ ձեռնարկներ հոն տեղի կ՚ունենան։ 1991էն ի վեր «Հայ տան» առաջին յարկը տրամադրուած է Հայաստանի դեսպանատան։
«Նաւասարդեան» կեդրոնը ունի իր խնամակալութիւնը, եւ տիկնաց յանձնախումբը։ Սրահը մնայուն կեդրոնն է ՀՕՄի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ «Համազգային»ի։ Կը գործածուի իբրեւ ժողովատեղի եւ մշակութային ու ընկերային ձեռնարկներու վայր։ Կը գտնուի Լոնտոնի Իլինկ թաղամասին մէջ, ուր կ՚ապրի հայութեան մեծամասնութիւնը։
Ունինք «Հայաշէն կեդրոնը», որ ընկերային ծառայութեան կեդրոն մըն է։ Ունի իր խնամակալութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը։ Մասնաւորաբար կը ծառայէ տարեցներու եւ Անգլիա նոր հաստատուած ընտանիքներու ցուցմունքներ տալով եւ անոնց խնամակալութեամբ։
Կայ «Նոր սերունդ» պարբերաթերթը, որ Հնչակեան կուսակցութեան սեփականութիւնն է, կը հրատարակուի քանի մը անձերու նախաձեռնութեամբ, հայրենիքի, գաղութի, սփիւռքեան լուրեր կը պարունակէ ու յաճախ կ՚արտատպէ զանազան թերթերէ յօդուածներ։ Դարձեալ ձրիաբար կը ղրկուի գաղութին անդամներուն։
Հ.- Հայաստանի դեսպանատուն-գաղութ կապը ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել։
Ս. Թ.- Դեսպանատան կապը համայնքին հետ սերտ է։ Դեսպանն ու իր ընտանիքը ընդհանրապէս կը հրաւիրուին գաղութի ձեռնարկներուն, դեսպանը կը հովանաւորէ կարգ մը ձեռնարկներ։
Դեսպանատունը կը տօնէ Հայաստանի վերանկախացման տօնը։ Տարին մէկ անգամ գաղութի գործունեայ տիկնաց միութիւններու ներկայացուցիչներ կը հրաւիրուին մտերմիկ ընդունելութեան մը, սակայն Անգլիոյ նման երկրի մը մէջ դեսպանատան աշխատանքները եւ գործունէութիւնը կը հիմնաւորուին տեղական յարաբերութեանց վրայ. միջպետական առաքելութիւնը բնականաբար շատ աւելի ծաւալուն է, քան համայնքի հետ գործունէութիւնը։
Հ.- Նախավերջին հարցումս ինքնաբերաբար դարձեալ երիտասարդութեան կամ, աւելի ճիշդը, ուսանողութեան կը վերաբերի։ Աւարտենք այս հետաքրքրական զրոյցը՝ դարձեալ նոյն թեմային առնչուած հարցով մը։ Ֆորումը, որ Լիբանանի մէջ սկսաւ, յետոյ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան պատճառով տեղափոխուեցաւ Հայաստան, ի՞նչ ծրագիրներ ունի իր դիմաց։ Կը գիտակցինք, որ նման միջավայրի մը ձեւակերպումը իսկապէս անհրաժեշտութիւն էր ներկայ պայմաններու մէջ հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու տեսակէտէն։ Կ՚ուզենք ունենալ ձեր արժեւորումը՝ անցած ուղիին եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին։
Ս. Թ.- Իրականութիւնը այն է, որ ունինք ոչ հայաշատ ափերու վրայ մէկէ աւելի սփիւռք, արեւմտեան համալսարաններ յաճախող կամ աւարտած որակեալ երիտասարդութիւն, զոր կը մեղադրենք օտարացման եւ ձուլման ճամբան բռնած ըլլալուն համար… Այսօր այս ծրագիրին ներդրումը կաթիլ մըն է այս ուղղութեամբ. ինչպէս ուրիշ առիթներով ըսած եմ, ֆորումը կը հետապնդէ շատ մը նպատակներ… հայ մշակոյթի, պատմութեան, արմատներուն հանդէպ հետաքրքրութիւն արթցնել, աշխարհացրիւ երիտասարդութիւնը իրարու ծանօթացնել, բարեկամացնել, նախաձեռնելու միտք ներշնչել, համալսարաններուն մէջ կամ գործի ասպարէզի մէջ իրարու օգնել եւ այլն։
Համոզուած եմ, որ ֆորումը այս կէտերը իր գոյութեամբ լիապէս կ՚արդարացնէ եւ նշած նպատակակէտներէս մեծ մասին արդիւնքը ուրախ եմ ըսելու, որ ամէն տարի կը տեսնենք։ Ծնողներու գնահատականները, նիւթական աջակցութիւնը անպակաս է, ճիշդ ուղղութիւն որդեգրած ենք, սակայն ժամանակն է, որ այսուհետեւ երիտասարդութիւնը ստանձնէ կազմաւորման եւ ղեկավարման աշխատանքները՝ հիմնական նպատակներէն առանց շեղելու։ Ֆորումի յանձնախումբը պատրաստ է ամէն ձեւով նեցուկ կանգնելու նոր սերունդին։ Ըսեմ այստեղ, որ յանձնախումբին անդամները կը գտնուին աշխարհի զանազան ցամաքամասերու վրայ, կը պատկանին իմ սերունդիս՝ մենք կարողացանք քայլ պահել համակարգիչներու, ելեքտրոնիկ նամակագրութեան հետ օրէ օր բերած նորութիւններուն եւ բարիքներուն հետ. բարեբախտաբար այսօր կարելի է այսպիսի ծրագիրներ համադրել առանց երկար ժողովներ ընելու։ Երիտասարդները մեզմէ շատ աւելի վարժ են՝ օգտագործելու այս միջոցները։
Գալով ապագայի ծրագիրներուն, ըսեմ որ ֆորումի գործունէութեան դաշտը անծայրածիր է, երիտասարդութեան կը մնայ ձեւաւորել եւ զարգացնել այս ծրագիրը՝ օրուան պէտքերուն համեմատ։
Ֆորումի ընթացքին մենք հարցարաններով եւ զրոյցներով յաճախակի առիթներ կը ստեղծենք, որ մասնակցողները քննադատութիւններով ու շինիչ առաջարկներով ներկայանան. կը քննարկենք այդ բոլորը եւ իրենց նկատողութիւնները ի մտի կ՚ունենանք։
Դասախօսութիւններու կողքին, առաջարկեցին բանակ այցելել, բան մը, որ այսօր կը կիրարկուի, ամփոփ կերպով նկարագրեմ այդ օրուան մթնոլոտը. կ՚այցելեն պաշտպանութեան ուժերու մասնաւոր զօրամաս մը, մասնակից կ՚ըլլան տողանցքի, ականատես կ՚ըլլան ռազմական փորձերու, բոլորիս ծանօթ յեղափոխական երգերը կը հնչեն, բանակայիններու ի զարմանք, որ այս օտարածին մատղաշ սերունդէն ոմանք լիաթոք կ՚ընկերանան այդ երգերուն. շուրջպար, զուռնայ, դժուար է նկարագրել համալսարանականներուն վրայ այդ այցելութեան ձգած հայրենասիրական զգացումները, որոնք անկարելի պիտի ըլլար փոխանցել ուրիշ ձեւով այդքան կարճ ժամանակի մէջ։ Տամ ուրիշ օրինակ մը։
«Համազգային»ի կայքէջի առնչութեամբ դիմեցինք ֆորումի մասնակցած երիտասարդ քանի մը հոգիի, ստացանք առաջարկներ, ճաշակը, մօտեցումը այսօր շատ տարբեր է եւ արագ. ստիպուած ենք յարգել եւ հետեւիլ իրենց մտքերուն, ապա թէ ոչ տեղքայլի կը դատապարտուինք։
Առաջարկները փոխանցուած են Կեդրոնական վարչութեան։
Խոստովանիմ, որ երիտասարդութեան «տարտերը», կամայ-ակամայ, դարձած են իմ անձնական մտասեւեռումս, ֆորումի նպատակակէտերէն մին է մասնաւորապէս հայութենէ հեռացած երիտասարդները ներգրաւել. յաճախ մեր ղեկավարներուն կողմէ այս տարրը կը նկատուի շփացած կամ «պուրժուա» դասակարգի սերունդ։ Այսօր բոլորիս զաւակները սկսած են պատկանիլ այդ խաւին։
Շարունակ կը յանդիմանենք ու կը քննադատենք զիրենք։ Երիտասարդութիւնը ուղղակի արդիւնքն է Սփիւռքի ներկայ վիճակին, ընկերային կեանքի հետեւանքին եւ այսօրուան աշխարհի շնորհած «բարիքներուն»։ Ծնող մը որքա՛ն կրնայ պայքարիլ կամ մեկուսացնել իր զաւակը։
Իմ կարծիքովս, այս խաւը շատ կարեւոր խաւ մըն է, որուն վրայ պէտք է գուրգուրալ. օտարութեան գիրկը ինկած կամ կեանքի մէջ նիւթականով յաջողած ծնողներու անտարբեր կամ նահանջող զաւակներուն այս հատուածը սիրաշահիլը ապագայի հանրօգուտ դերը անպայման կ՚ունենայ։ Շատ մը օրինակներ ունինք մեր դիմաց, տարիներ հայութենէ հեռացած անձնաւորութիւններ յանկարծ չափահաս տարիքի հայրենասիրութեամբ խանդավառուած՝ զանազան նախաձեռնութիւններու մէջ են այսօր։
Իմ կարծիքովս, նուիրատուներուն մեծ մասը այս խաւին կը պատկանի։
Ամէն պարագայի, մտքիս մէջ այս ուղղութեամբ գաղափարներ ու ծրագիրներ շատ են, կը յուսամ՝ չեմ ձանձրացներ գործակիցներս, որովհետեւ կարծեմ երեւակայութիւնս, երազներս իմ կարողութենէս շատ աւելի արագ կը շարժին։
Միայն փորձառութեամբ կրնամ ըսել, թէ երիտասարդութեան հետ քայլ պահելու համար մեզի կը մնայ իրենց տեսակէտները նկատի առնել եւ ձեւաւորել այնպիսի ծրագիրներ, որոնք հետաքրքրական են իրենց եւ միեւնոյն ատեն հայկական արմատներու, մշակոյթի անուղղակի ներարկում մը կու տան։