

ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Միջնակարգի քննութիւններէն ետք, ամրան արձակուրդն էր, որ պիտի վայելէինք, բայց ինչ՜ արձակուրդ…, երբ ամէն օր անհամբեր քննութիւններուն մասին մտածելով, ինքնիրենդ ու ինքզինքիդ համար, հոգ չէ թէ հարիւր առ հարիւր յաջողելու գրաւականը ապահոված զգալով՝ տակաւին այնքան մտահոգ հոգեվիճակի մէջ ինկած՝ կը շարունակես ժամանակդ անիմաստօրէն վատնել։
Ճիշդ այս օրերուն էր, երբ մայրս զիս շատ լաւ հասկցած, ըսաւ․
– Աղջիկ՛ս, բան մը, կարեւոր չէ, մեծ է թէ պզտիկ,ըրէ՛, ու շուարած կեցուածքիս առջեւ, աչքերուս մէջ նայելով․
– Ձեռագործ մը գտիր, աշխատելով ամէն ինչ կը մոռնաս ու ժամանակն ալ թռչելով շա՜տ-շա՜տ շուտ կ՛անցնի, աւելցուց։
– Բայց ինչ՞ ձեռագործ, մա՛մ, պատասխանեցի,- գիտցածս մինչեւ հիմա միայ՛ն բուրդ հիւսելն է․ ամառուան այս տաքերուն բուրդի գո՞րծ…։
– Հազար ու մէկ ձեռագործներ կան աղջի՛կս, պատասխանեց,- գնա, Դերձակեանին խանութը, հոն ամէն ինչ կը գտնես։

Ու այդպէս ալ եղաւ։
Հալէպի մէջ, Ճէմիլի բուրդի խանութին հարեւանութեամբ, մեր Հայկազեան դպրոցէն ոչ այնքան հեռու, նեղլիկ թաղի մը մէջ, նոյնքան հանրածանօթ խանութ մըն էր նաեւ Դերձակեանին տեսակ-տեսակ ձեռագործներու հետ՝ ասեղով, գնդասեղով, թելով ու դերձանով լեցուն այն պզտիկ խանութը, որուն աստիճաններէն վար իջնելով, աթոռի մը վրայ նստած՝ հազիւ տեսանելի, ակնոցաւոր ու մանրակազմ պրն. Դերձակեանն էր, որ առանց ժամանակ կորսնցնելու․ ոտքի ելած՝ «Ինչ՞ է ուզածդ», կը հարցնէ։
Ձեռագործներու անուններէն տեղեակ չէի, բացի՝ ճիգով մը միտքս պահած, մօրս թելադրած «օպիսոն» անունէն, որ հազիւ բերնէս դուրս ելած՝ անոր բոլոր տարբերակները սեղանին վրայ փռելով ՝ շատ լուրջ դէմքով մը՝
– Հիմա ուզածդ զատէ, ըսաւ։
Վեր, վար, աջ ու ձախ փնտռտուքէ վերջ, սեղանին մէկ կողմի վրայ դիզուածները ուշադրութիւնս գրաւած՝ անոնցմով կը հետաքրքրուիմ.
– Բայց քեզի ցոյց տուածներս այսօրուան փնտռուածներն են, ըսաւ, ասոնցմէ մէկը ինչո՞ւ չես ընտրէր, շարունակեց.
– Հապա ասո՞նք, երբ կողմինները ցոյց տալով ըսի, ոչինչ պատասխանած՝անոնք եւս առաջիններուն վրայ փռելով, ինծի համար ընտրութեան երկրորդ առիթ մը ստեղծեց։
Ուշադրութեամբ կը սկսիմ նայիլ, քննել ու իրարու հետ բաղդատել, նախորդներուն պէս գունաւոր, Արեւ ու Լուսինի հետ, ծիլ, ծաղիկ, վարդ, մեխակ ու մանուշակ չէին ասոնք, բոլորովին տարբեր էին. միայն ու միայն սեւ ու ճերմակ գոյներով, ծակ-ծակ կտաւի մը վրայ տպուած նկարներ էին,որոնցմէ մէկը ձեռքս առած՝ վստահ ըլլալու համար/
– Ասիկա Հալէպի բե՞րդն է, այնպէս չէ՞, երբ հարցուցի․
– Պռաւօ՛ աղջիկ, ինչպէս ալ գիտցար, կը պատասխանէ, ու քաջալերուած՝
– Իսկ այս միւսն ալ Հոմսի «նաուրան», նշանաւոր ջրաղացն է, կը շարունակեմ
Գիւտ մը չէր ըսածս, երկու տեղերն ալ գիտէի. նախակրդարանի վերջին տարին, սովորութիւն դարձած, տղոց ու աղջկանց բաժնի բոլոր շրջանաւարտներով, մեր ուսուցիչ-ուսուցիչներուն հետ միասին, հոն այցելած էինք արդէն։
Հոս արագ մը ընտրութիւնս կ՛ընեմ ու երկու նկարներուն համար պէտք եղած սեւ ու ճերմակ թելերն ալ ապահոված՝ տուն կը վերադառնամ ու առանց ժամանակ կորսնցնելու անմիջապէս գործի կ՛անցնիմ։ Առաջին հերթին՝ մայրս էր, որ պիտի ուրախացնէի, գիտեմ, անկախ՝ անոնց մասին՝ «սիրտ բանալիք ուրիշ գոյն չգտա՞ր», ըրած նկատողութենէն։
Սեւ ու ճերմակ գոյներու նախասիրութեամբ ընտրած երկու պատկերներս ալ յետագային, որպէս պատմական արժէք գնահատած՝ հետս մինչեւ Ամերիկա հասցուցի, ու այսօր տանս պատերը անոնցմով զարդարած՝ քանի՜-քանի՜անգամներ զիս անցեալի գիրկը նետեցին ու անոնց հետ ունեցած նկարներս դիտելով՝ ժամեր ամբողջ ընկեր-ընկերուհիներուս դէմքերը մէկիկ-մէկիկ դիտեցի, ուրախացայ, հոգ չէ թէ մէկուն անունը միայն յիշած՝ մականունը մոռցած եմ արդէն, իսկ միւսին միայն մականունը յիշած՝ անունը մոռցած եմ, իսկ անուն մականունով անմիջապէս յիշածներս, աղջիկներէն բացի՝ միայն երկու տղաք էին, որոնցմէ մէկը՝ բոլոր աշակերտներուն մէջ նիշերու ամենաբարձր գնահատականը ապահոված՝ Պետրոս Խաչատուրեանն էր, իսկ երկրորդը՝ Վազգէն Մարաշլեանը, տղան՝ դպրոցի տնօրէն ու յայտնի մտաւորական Արմէն Անոյշին, իսկ մնացեալներուն նկատմամբ ինքզինքս յանցաւոր զգալով՝ զիրենք անպայման ուրիշ օր մը յիշելու համար, «ալպոմ»ս անգամ մըն ալ բանալու որոշումով, զայն կը փակեմ։
Պատահեցաւ, որ ո՛չ թէ մէկ, ո՛չ թէ երկու, այլ երեք ու աւելի անգամներ զայն բացի, մանաւանդ այս վերջին օրերուն,երբ Միջին Արեւելքի քաղաքական դաշտը Թուրքիոյ դերակատարութեամբ այնքան պղտորած էր ու Սուրիոյ մէջ ծրագրուած իշխանափոխութեան մը համար, հոս-հոն ու գրեթէ ամէն տեղ սկսած էին քանդել ու այս ամէնուն մասին հեռուստատեսիլի կայաններէն սփռուած պատկերներուն առջեւ, զգացի, որ Հալէպ քաղաքը անմխիթար նստեր կու լար․ իրեն հետ բոլորս ալ լացինք, յատկապէս այն պահուն, երբ անոր պատմական բերդին վրայ թրքական դրօշը բարձրացած տեսանք… ու հոս ինքզինքէս դուրս ելած՝ «բաւարար չէր՞, որ մեր հայրենի հող Սասուն, Մուշն ու Վանը մեզմէ խլեցիր, հիմա ալ մեր երկրորդ ծննդավայր Հալէպին հետ, Հոմս, Համա, Լաթաքիա ու նոյնիսկ մայրաքաղաք Դամասկոսն ալ քանդելով՞ պիտի գրաւես», կ՛ըսեմ։
Զիս ցաւցնողներուն, առանց որեւէ խօսք կամ նոյնիսկ բառ մը ըսելու, միայն ու միայն միշտ լաւը ցանկացած եմ, բայց այս պարագային… ըսածներս բաւարար չգտած՝ տակաւին կը շարունակեմ, «կայսերական առաջադրանքներդ իրագործելու համար, ընդդիմութիւնը պետութեան դէմ դուրս հանած՝ 110 տարի վերջ, մեր ետեւէն հո՞ս ալ հասար, թէ՞ քեզ հոս հասցուցին…»։ Ու բացարձակ այս ճշմարտութիւններուն առջեւ, ընելիք ոչինչ ունենալով՝ կրկնապատկուած նեղութիւնս գոնէ վայրկեան մը թեթեւցնելու համար, հաւատացէ՛ք, մինչեւ այսօր չըսած «անիծեալ ըլլաս(ք)» խօսքը ինչպէս՞ այնքան դիւրին ու հանգիստ բերնէս դուրս ելաւ, ես ալ չեմ գիտեր…։