

Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնեցուած տօնածառի լուսաւորման արարողութեան, եւ այս առիթով իր շուրջ համախմբուած ժողովուրդին ուղղելով խօսքը՝ խրախուսեց հայ ընտանիքներու ներկայութիւնը շրջափակին մէջ եւ դիտել տուաւ, որ «ժողովուրդն է եկեղեցին եւ եկեղեցին՝ ժողովուրդը», ապա յորդորեց ներկաները ո՛չ միայն առողջ պահել ու շարունակել կիրարկել հայկական ընտանեկան սովորութիւնները, այլեւ փոխանցել զանոնք իրենց զաւակներուն՝ իբրեւ հայկական ինքնութեան ոգի եւ ազգային գոյատեւման դրոշմ: Անդրադառնալով ուրախ մթնոլորտին՝ ան նաեւ մատնանշեց, որ ինչպէս որ իւրաքանչիւր մարդ անհատ իր տան մէջ տօնական ուրախ մթնոլորտ կը ստեղծէ եւ կը պահպանէ զայն, այդպէս ալ, մեր ընտանիքները ահա՛ եւ տօնական ուրախ մթնոլորտ կը ստեղծեն մեր եկեղեցւոյ եւ հաւաքական կեանքին մէջ իրենց սիրասուն զաւակներով ու թոռներով եւ իրենց ներկայութեամբ կը պահպանեն զայն:
Իր խօսքին աւարտին, Կաղանդի եւ Ս. Ծննդեան երգերու հնչիւններուն տակ, Գեղամ արքեպիսկոպոս իր մօտ հրաւիրեց խմբուած ժողովուրդին մանկահասակ զաւակները եւ առաջնորդեց զանոնք, որպէսզի վառեն Նոր տարին աւետող հսկայ տօնածառը:
Սիրասուն փոքրիկները մօտեցան տօնածառին եւ իրենց մանր թաթիկներով սեղմեցին լուսաւորման սարքը զարդարուն ծառին ու Ս. Ծննդեան խորհրդանիշ մեծադիր մսուրին՝ մանկական ուրախութեամբ լեցնելով տօնական մթնոլորտը:
Այնուհետեւ, սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի եւ քահանայ հայրերուն՝ շրջագայեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղ գտած տօնական տաղաւարները եւ այս առումով եւս գնահատեց ժողովուրդին մասնակցութիւնը տօնավաճառին, ուր ցուցադրուած էին տօնական զարդարանքներ, զարդեղէններ, հիւսուածեղէն, ուտեստներ, արհեստագիտական ոլորտի սարքեր, ձեռային աշխատանքներ եւ հայկական ասեղնագործութեան գունագեղ նմոյշներ, որոնց ազգային, պատմական ու աւանդական արժէքը դրուատելով՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը նաեւ կատարեց խորհրդանշական գնում մը:

