30 Դեկտեմբերէն սկսեալ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի Ագարակ սահմանային անցակէտին վրայ սահմանապահ հսկողութիւն պիտի կատարեն ոչ թէ ռուս սահմանապահները, այլ միայն Հայաստանի սահմանապահ զօրքերը, գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Հոկտեմբերի սկիզբը, Մոսկուայի մէջ, Փաշինեան-Փութին կարճ հանդիպումէն ետք, Երեւան տեղեկացուց, որ, ըստ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, ռուս սահմանապահները դուրս պիտի գան Ագարակի անցակէտէն, եւ այնտեղ 1 Յունուարէն սկսեալ հսկողութիւն պիտի իրականացնեն միայն Հայաստանի սահմանապահները:
«Հայաստանի անկախացումից ի վեր այստեղ սահմանային վերահսկողութիւն են իրականացրել Ռուսաստանի սահմանապահ զօրքերի ծառայողները», կ՛ըսէ Փաշինեան ընկերային ցանցերուն մէջ՝ անոնց շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց մատուցած ծառայութեան համար՝ աւելցնելով.
«Իսկ այսօրուանից սահմանապահ վերահսկողութիւնը ստանձնած մեր սահմանապահներին յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն եմ մաղթում»:
Յիշեցնենք, որ 1 Օգոստոսին, ռուս սահմանապահները դուրս եկան նաեւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն: