Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ «2021էն մինչեւ օրս Ատրպէյճան առաւել քան 19 միլիառ մանաթ (շուրջ 10 միլիառ տոլար) յատկացուցած է Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի վերականգնման համար»՝ շեշտելով, որ «Մեծ վերադարձ» ծրագիրը Պաքուի համար 2025ին պիտի շարունակէ առաջնահերթութիւն մնալ:
Ան ըսաւ, որ 2025ի պետական պիւտճէով նախատեսուած է 4 միլիառ մանաթ յատկացնել`«բռնագրաւումէն ազատագրուած հողերու վերականգնման համար, իսկ 2020էն 2024 ներառեալ՝ այդ նպատակով պետական պիւտճէէն յատկացուած է շուրջ 17.5 միլիառ մանաթ»:
«Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի վերականգնումը հիանալի կշռոյթով կ՛ընթանայ: Շուտով այդ շրջանները պիտի դառնան ամէնէն ժամանակակից, յարմարաւէտ եւ գեղեցիկ վայրերէն մէկը ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ Կովկասի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ», եզրափակեց Ալիեւ։
Նշենք, որ Նոյեմբեր 2023ին, Ալիեւ յայտարարած էր, թէ մինչեւ 2026ի աւարտը «նախատեսուած է առաւել քան 140 հազար անձեր վերադարձնել Ղարաբաղ եւ Արեւելեան Զանգեզուր»: Ըստ անոր՝ «Մեծ վերադարձ» ծրագիրով նախատեսուած է 2026ի աւարտին Ֆզուլիի շրջանին մէջ 22 հազար անձեր բնակեցնել, իսկ Ղարաբաղի եւ «Արեւելեան Զանգեզուրի»` 140 հազար: