Ըստ սուրիական աղբիւրներու` Իսրայէլ 2էն 3 Յունուար լուսցող գիշերը ռմբակոծեց Հալէպի արեւելեան արուարձանը: Ցնցումները զգացուեցան Հալէպի հայկական թաղամասին մէջ, այնքան ուժին, որ բնակիչները ենթադրեցին, թէ երկրաշարժ կը պատահի։ Այս մասին «Ազատութեան» պատմեց սուրիահայ «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:
«Նոյնիսկ երկրաշարժի մօտիկ ցնցումներ էին: Տեղական լրատուամիջոցները անմիջապէս հաղորդեցին, որ Իսրայէլ ռմբակոծեց Հալէպի արեւելեան արուարձան Սֆիրէի շրջանի զինապահեստի գործարանը եւ զինուորական գիտահետազօտական կեդրոնը», ըսաւ Պօղիկեան:
Ան յայտնեց, որ կորուստներու կամ վնասներու մասին յստակ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած:
Հակառակ անորոշութեան, տնտեսական ծանր իրավիճակին եւ ռազմական հարուածներուն, Սուրիոյ մէջ մարդիկ կը փորձեն վերականգնել բնականոն կեանքը: Պօղիկեան պատմեց, որ Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք, իշխանութեան եկած «Հայըաթ Թահրիր Շամ»ի ղեկավար, Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհ Ամանորի գիշերը հիւրընկալեց Սուրիոյ մէջ բնակող քրիստոնեաներու հոգեւոր առաջնորդները:
«Երկու հայ առաջնորդները եւս ներկայ էին։ Ան ըսաւ, որ քրիստոնեայ համայնքներուն ներկայութիւնը` իբրեւ իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն, ապագային ալ տեղի ունենալիք համաժողովին բոլոր համայնքները պիտի մասնակցին: Այս ուղղութեամբ ընթացած է զրոյցը», յայտնեց Պօղիկեան։
Ան դիտել տուաւ, որ այս Նոր տարուան գիշերը կը տարբերէր նախորդներէն. փողոցներուն մէջ եռուզեռ չկար, ամէն ինչ փակ էր: Ան պատմեց, որ Նոր տարին մարդիկ դիմաւորեցին տուներուն մէջ. ապահովական եւ ոստիկանական կառոյցները իրենց վերջնական հունին մէջ չեն մտած, եւ թաղամասերու երիտասարդները, որոնց կարգին հայերը, ապահովական պատասխանատուներուն հետ հսկողութիւն կը կատարեն. անոնք կը շրջագային քաղաքին մէջ, որ գողութիւններ եւ անախորժութիւններ տեղի չունենան: Ասորմով հանդերձ, հայկական համայնքին մէջ Ամանորը ուրախ եղաւ. մարդիկ հաւաքուեցան եկեղեցին, ուր տօնական մթնոլորտ կար:
Պօղիկեան շեշտեց, որ ճիշդ է՝ վախերը մասամբ փարատած են, բայց մարդիկ տակաւին զգոյշ են: «Զգոյշ լաւատեսութիւն մը կը տիրէ, որովհետեւ վիճակը խառն է, համաշխարհային զանազան ուժեր ազդեցութիւններ ունին, բայց առայժմ հանգիստ ենք. անմիջական վտանգ չկայ, եւ իշխանութիւնները յարաբերութեան մէջ են քրիստոնեայ եւ այլ համայնքներու հետ. անոնք կը ջանան դրական մթնոլորտ մը ստեղծել, այսինքն` վտանգ չեն սպառնար, ընդհակառակը` կը ջանան հանդիպումներով հանգստացնել եւ յորդորել, որ բնականոն կեանքը շարունակենք»:
Ըստ Պօղիկեանի՝ ամանորեայ սեղանները աղքատիկ չէին. սուրիացիները ամէն ինչ կրցած են գնել, աւելին` վերջին շրջանին սննդամթերքի գիները նուազած են, բայց տակաւին կը փորձեն խնայել, շռայլութիւններ չեն ըներ, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ տնտեսութիւնը ե՛րբ պիտի սկսի զարգանալ, աշխատատեղերը տակաւին ամբողջութեամբ չեն վերականգնուած: