
Երեքշաբթի, 7 Յունուարին, Լոս Անճելըս գաւառի քանի մը շրջաններու մէջ ծագած ահաւոր ու ծաւալուն հրդեհները, որոնք առաւել եւս տարածուեցան զօրաւոր փոթորիկներու պատճառով, հասան բնակարաններու, վարժարաններու եւ գործատեղիներու ու տագնապի մատնեցին ծովափէն մինչեւ Փասատինայի, Լա Քրեսենթայի, Լա Քանիատայի եւ Կլենտէյլի բնակիչները, որոնց կարգին՝ հարիւրաւոր հայորդիներ եւ հայ ընտանիքներ:
Հրդեհը կալուածներու ու ստացուածքներու հսկայ վնասներ պատճառեց:
Ըստ Ազգային առաջնորդարան հասած տեղեկութիւններուն՝ յատկապէս Փասատինայի եւ ծովափի շրջաններուն մէջ, մեծաթիւ հայորդիներ կորսնցուցած են իրենց բնակարանները եւ գործատեղիները: Ցաւով կ՛արձանագրենք նաեւ, որ Ալթատինայի մէջ գործող Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանը եւս հրոյ ճարակ դարձած է:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հաղորդակցութեան մէջ մտաւ ծխական շրջաններու հովիւներուն հետ՝ ծանօթանալու դէպքերու ընթացքին եւ վերահասու ըլլալու իւրաքանչիւր շրջանի իրավիճակին։
Ազգային առաջնորդարանի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը՝ հրդեհէն հարուածուած շրջաններու եկեղեցիներու սրահները իբրեւ ապաստանարան տրամադրելու կարիքը ունեցողներու։
Առաջնորդ սրբազանը իր աղօթքներով կը միանայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի մեծ ընտանիքին եւ աղօթք կը բարձրացնէ առ ամենողորմ Աստուած՝ խնդրամատոյց ըլլալով, որ ամենակալ Տէրը իր օրհնառատ հովանիին տակ անվտանգ եւ ապահով պահէ բոլորը, մխիթարութիւն տայ վնասուած անձերուն, եւ ուժ, կորով ու համբերութիւն՝ յիշեալ շրջաններու մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ շրջանցելու համար այս աղէտը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ