Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթայի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի չշեղի խաղաղութեան օրակարգէն։
Ըստ կառավարութեան՝ այս մասին տարածած հաղորդագրութեան` Քոշթայի հարցումին իբրեւ պատասխան` Փաշինեան զայն տեղեակ պահեց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի ընթացիկ վիճակին մասին:
Նախորդ շաբաթ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդէս եկաւ շարք մը սպառնալից յայտարարութիւններով, եւ անկէ երկու օր ետք Փաշինեան խաղաղութիւն հաստատելու համար հրապարակեց Երեւանի անունով 12 կէտերէ բաղկացած առաջարկներ, որոնց վերջինը Մինսքի խումբի լուծարումն էր: Պահանջ մը, որ մնայուն կերպով կը հնչէ պաքուի կողմէ:
Վերոնշեալ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Փաշինեան շնորհաւորեց Քոշթան՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի պաշտօնին վրայ ընտրուելու առիթով, յաջողութիւն մաղթեց, ինչպէս նաեւ գոհունակութիւն արտայայտեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ընթացիկ վիճակին համար:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը նախորդ շաբաթ հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի օրէնքի նախագիծին: