
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն թեմիս երկար տարիներու Ազգային բարերար Գրիգոր Սիւլահեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 30 Դեկտեմբեր 2024ի առաւօտուն:
Հանգուցեալը երկար տարիներու եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութիւն ունեցած է մեր թեմին մէջ: Ան եղած է Օրենճ Քաունթիի եւ Մոնթեպելլոյի մեր գաղութներու կարկառուն անդամներէն եւ մնայուն բարերարներէն, ինչպէս` Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կառուցուած պարտիզակ-հանգստավայրին եւ Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին, մնալով յարատեւ զօրակիցներէն Ազգային առաջնորդարանի զանազան ծրագիրներուն:
Հանգուցեալը իր հաւատացեալ եւ ազգանուէր նկարագիրին եւ կատարած բարերարութիւններուն համար արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանին, ձեռամբ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին, 9 Հոկտեմբեր 2011ին:
Այս տխուր առիթով, առաջնորդ սրբազանը, Խառն ժողովը եւ ժողովականութիւնը խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Գոհարին, զաւակներուն՝ Տիգրանին եւ Նէնսիին, անոնց ընտանիքներուն, թոռներուն եւ ծոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ