Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի անոր պաշտօնակից Մասուտ Փեզեշքեան 17 Յունուարին, Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագիր մը ստորագրեցին, կը հաղորդեն ռուսական եւ իրանեան լրատու աղբիւրները։
Փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ Իրանի նախագահին Մոսկուա այցելութեան ընթացքին։
Համաձայնագիրը կը նախատեսէ Հիւսիս-Հարաւ միջազգային փոխադրական միջանցքին կառուցման աւարտը եւ ապրանքներու շրջանառութեան ծաւալներու աճը։ Թեհրան եւ Մոսկուա նաեւ մտադիր են համագործակցելու ուժանիւթի արտադրութեան, փոխադրութեան եւ արտածումի ոլորտներուն մէջ։
Նոր համաձայնագիրը նաեւ պիտի դիւրացնէ զբօսաշրջիկներու ճամբորդութեան պայմանները եւ պիտի իրականացնէ համատեղ մշակութային ծրագիրներ։
Այս առիթով, Փութին յայտնեց, որ Փեզեշքեանի հետ քննարկուած են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրները «շահագրգռուած են Անդրկովկասի մէջ կայուն եւ խաղաղ իրավիճակով»։