Սուրբ Ծնունդը հրաշալի հնարաւորութիւն է վայելելու Աստուծոյ սէրը եւ բաժնեկցելու այդ ուրախութիւնը ուրիշներու հետ։ Ամէն տարի, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիներուն հետ գործակցութեամբ, այդ ուրախութիւնը կը տարածէ Հայաստանի հազարաւոր մանուկներու։
Ընկերակցութեան 2025ի Սուրբ Ծննդեան ուրախութեան միջոցառումները այս տարի տեղի ունեցան 21 Դեկտեմբերէն 12 Յունուարի օրերուն ընթացքին։ Հայաստանի զանազան վայրերու մէջ հազարաւոր մանուկներու, պատանիներու, երիտասարդներու եւ մեծահասակներու ներկայացուեցաւ Ծննդեան պատգամը թատերական ներկայացումներու միջոցով։
Հայաստանի տարածքին, 22 Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիներ ներկայացուցին Սուրբ Ծննդեան ուրախութեան այս միջոցառումները։ Անոնցմէ 20ը բեմադրեցին «Ձեռք Ձեռքի» ներկայացումը, զոր գրած էր Զոհրաբ Բեկեան։

Միջոցառումներու այս շրջանակին մէջ, Երեւանի, Այնթապի եւ Աբովեանի 3200 մանուկներ եւ պատանիներ հաւաքուեցան Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ՝ դիտելու Աւետարանչականի «Հայասա» թատերախումբի ղեկավար Նունէ Աբրահամեանի հեղինակած «Մէկ Բարի Գործ» ներկայացումը։ Երկու օրեր շարունակ հանդիսատեսները քանի մը հերթափոխով վայելեցին արհեստավարժ դերասաններուն եւ «Հայասա» թատերախումբի մանուկներու ներկայացումը եւ իմացան, որ բարի գործ մը կրնայ վարակիչ ըլլալ։
Առաւել քան 10,000 մանուկներ Հայաստանի 42 վայրերու, անոնց շարքին 22 սահմանամերձ գիւղերու մէջ լսեցին, տեսան եւ վայելեցին Աստուծոյ սիրոյ եւ Սուրբ Ծննդեան պատգամը։
Բոլոր միջոցառումները աւարտեցան տօնական անակնկալներով։ Մանուկները տուն վերադարձան Սուրբ Ծննդեան նուէրներու փոքրիկ պայուսակով մը՝ փաթթուած ջերմութեամբ եւ սիրով։
«Այնքան հոգեհարազատ է տեսնել այսքան երջանիկ մանուկներ: Մանուկի դէմքին ժպիտը իսկապէս ամէնէն արժէքաւոր բաներէն մէկն է աշխարհի մէջ», ըսաւ ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան։
1990ականներու սկիզբէն ի վեր, ընկերակցութիւնը Սուրբ Ծննդեան ուրախութեան միջոցառումներ կը ծրագրէ՝ բազմաթիւ ժպիտներ եւ զուարճալի տօներ պարգեւելով հազարաւոր մանուկներու եւ անոնց ընտանիքներուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ներառեալ՝ Արցախէն տեղահանուած մանուկներու։
Յատուկ շնորհակալութիւն մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնք այս տարի եւս համագործակցեցան մեզի հետ՝ Սուրբ Ծննդեան ուրախութիւնը փոխանցելու մեր հայրենի մանուկներուն։
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ