Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակարգը որակեց կողմնակալ եւ պնդեց, որ «դեմոկրատներուն քաղաքականութիւնը պատճառ եղած է Ատրպէյճան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու ճգնաժամին»:
Ան այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու քրիստոնեայ առաջնորդներու քոնկրեսի ղեկավար Ճանի Մուրի հետ Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
«Պայտընի եւ Պլինքընի վարչակազմին օրով, Միացեալ Նահանգները դրսեւորեց Ատրպէյճանի նկատմամբ կողմնակալութիւն, որուն պատճառով ճգնաժամ յառաջացաւ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի նախագահի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ:
Ալիեւ քննադատեց նաեւ «Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի» 907րդ յօդուածին վերակիրարկումը, որ կը սահմանափակէ Պաքուին տրամադրուող Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան օգնութիւնը: Միացեալ Նահանգներու նախորդ կառավարութեան այս որոշումը Ալիեւ «երախտամոռութեան դրսեւորում» որակեց: