Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Ատրպէյճանի կողմէ հնչող յայտարարութիւնները մտահոգիչ նկատեց:
«Բացի դրանից, մենք տեսնում ենք, որ ինտենսիւ (խտացեալ) զօրավարժութիւններ են անցկացւում, բացի դրանից տեսնում ենք ինտենսիւ թռիչքներ այլ երկրներից, որոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, ռազմական տեխնիկա (ճարտարարուեստի սարքեր) են տեղափոխում Բաքու», ըսաւ ան:
Հայաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը, 23 Յունուարին հրապարակած տարեկան իր զեկոյցին մէջ, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ լայնածաւալ ռազմական յարձակումի մը հաւանականութիւնը բարձր չնկատեց: «Տարբեր փաստերի, տեղեկութիւնների ու երեւոյթների վերլուծութեան հիման վրայ սոյն զեկոյցի հրապարակման պահի դրութեամբ Ադրբեջանի կողմից Հայաստանի դէմ լայնամասշտաբ ռազմական յարձակման հաւանականութիւնը բարձր չենք գնահատում», յայտնեց Քրիստինէ Գրիգորեանի գլխաւորած կառոյցը:
Տարեսկիզբին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շարք մը սպառնալիքներ ուղղեց Հայաստանի հասցէին, նաեւ չշրջանցելով այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի եւ «Զանգեզուրի միջանցք»ի նիւթերը: Ալիեւ Հայաստանը «ֆաշական» անուանեց:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին յայտարարեց, որ Պաքու կը փորձէ տարածաշրջանին մէջ մագլցումի «օրինականութիւն ձեւաւորել»:
Գրիգորեան նաեւ դիտել տուաւ, որ Երեւան խաղաղութիւն չի խնդրեր, այլ կ՛առաջարկէ խաղաղ լուծումներ բոլոր հարցերուն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Երեւան որքա՞ն պիտի շարունակէ ընթանալ «խաղաղութիւն մուրալու ճանապարհով», մինչ Ատրպէյճանի նախագահը կը սպառնայ, նաեւ՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումով՝ Գրիգորեան ըսաւ, որ հայկական կողմը ապաշրջափակման հարցին մէջ առաջարկեց «Խաղաղութեան խաչմերուկը», իսկ խաղաղութեան պայմանագիրի հարցին մէջ առաջարկած է լուծումներ եւ պիտի ընթանայ այդ ուղղութեամբ:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ կա՞յ համաձայնութիւն խաղաղութեան պայմանագիրի վիճայարոյց կէտերուն շուրջ՝ Գրիգորեան ըսաւ, որ Հայաստան պայմանագիրի չհամաձայնեցուած երկու յօդուածներուն վերաբերեալ առաջարկներ փոխանցած է Ատրպէյճանին եւ կը սպասէ Պաքուի առաջարկին: «Յոյսով ենք, որ լուծում կը գտնենք», ըսաւ ան:
Այս օրերուն, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւս յայտարարեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրի երկու չհամաձայնեցուած յօդուածներուն շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին: