
ՆՈՒԱՐԴ ՉԱԼԵԱՆ
Ժողովուրդները կ՛ապրին եւ կը յարատեւեն իրենց մշակոյթով։
Մշակոյթը կը պարփակէ երգ, պար, թատրոն, գիր եւ գրականութիւն։
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը անզուգական դեր ունեցաւ Սփիւռքի հիւրընկալ ափերուն վրայ՝ իր երգչախումբերով, պարախումբերով, թատերական խումբերով եւ դպրոցով սերունդներ դաստիարակեց եւ հայկականութիւն ներշնչեց։
Համազգայինի «Անի» պարախումբը մէկ միաւորն է Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան։ Անիկա հիմնուած է 1974ին, գեղարուեստական ղեկավարներ եւ պարուսոյցներ Սիւզի Բարսեղեան Դարբինեանի եւ Եղիա Հաշօլեանի կողմէ։
Յիսուն տարիներ, «Անի» պարախումբը բացառիկ զոհողութեամբ դիմացաւ Սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ, շնորհիւ կամաւոր հիմնադիր ղեկավար պարուսոյցներուն բծախնդրութեան, կարգապահութեան, խստապահանջութեան եւ անսակարկ սիրոյն պարարուեստի նկատմամբ եւ հասաւ մասնագիտական մակարդակի ու դաստիարակեց պարողներու եօթը սերունդներ։
«Անի» պարախումբը իր հիմնադրութեան 50րդ տարեդարձին առիթով ելոյթ ունեցաւ 7 Դեկտեմբերին, Glendale High School-ի Glendale Perfoming Arts Center-ին մէջ։
Հիանալի տարեդարձ մը, երբ հոծ արուեստասէր բազմութիւնը վայելեց 19 երիտասարդուհիներու հեզաճկուն շարժումներով հայ տոհմիկ պարերը եւ 11 երիտասարդներու վարժ, առնական քայլերով եւ կշռոյթով վերակենդանացուած հայ քաջարի ժողովուրդի աւանդական պարերը։


Բոլորը հագած էին հիանալի տարազներ, պատրաստուած՝ Ճէյն Հաշօլեանի կողմէ։
Յիսուն տարիներու ընթացքին, «Անի» պարախումբը ունեցած է անկիւնադարձային հանգրուաններ։ Յիշատակելի է պարուսոյցներու ծանօթութիւնը Նորայր Մեհրապեանի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական դերասան «Մովսէս Խորենացի» մետալակիր, Հայաստանի պետական «Բարեկամութիւն» պարախումբի հիմնադիր եւ պալէի վարպետ Նորայր Մեհրապեան սկսաւ գործակցիլ «Անի» պարախումբին հետ եւ նոր շունչ տուաւ պարախումբին ու զայն տարաւ դէպի նոր վերելք։
«Անի» պարախումբը 50 տարիներու ընթացքին ունեցած է շուրջ 250 ելոյթներ Լոս Անճելըսի եւ Միացեալ Նահանգներու հայահոծ նահանգներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Գանատայի եւ Պարազիլի մէջ։ Սակայն, ամէնէն յիշատակելին, հիմնադրութեան 25 ամեակին առիթով իրենց շրջապտոյտն էր դէպի հայրենիք, ուր Երեւանի, Գիւմրիի եւ Արցախի մէջ ելոյթներ ունեցան եւ արժանացան մեծ գնահատանքի։ Ապա անոնք երեք անգամ այցելեցին Հայաստան եւ Արցախ։ Յիսուն տարիներու ընթացքին «Անի» պարախումբը արժանացած է շատ մը շքանշաններու եւ գնահատանքներու, որոնցմէ կարելի է յիշել՝ Կիլիկիոյ թեմի Արամ Ա. վեհափառէն «Մ. Մաշտոց» շքանշանը, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ Կոմիտասի անուան շքանշանը եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի եւ Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Արնոլտ Շուարցնեկըրի կողմէ գնահատականները։
Համազգայինի հիմնադիրներու տեսլականը վաւերացնող «Անի» պարախումբը Սփիւռքի մէջ պահպանեց հայ մշակոյթը, երիտասարդներուն հայկական պար սորվեցնելով հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններով։
Նուիրեալ գործ եւ ազգանուէր առաքելութիւն, որոնք արդիւնք է լուրջ աշխատանքի, անսահման սիրոյ եւ անսակարկ նուիրումի։
Շնորհաւորութիւններ այս գերազանց աշխատանքին եւ լաւագոյն մաղթանքներ նոր ծրագիրներու իրագործման համար։