ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Ֆրանսայի հայանպաստ դիրքորոշումին պատճառով Ատրպէյճանի սանձազերծած հակաֆրանսական քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ, «փոխադարձութեան» կարգով քանի մը ամիս առաջ կազմուած էր «Պաքուի նախաձեռնարկ խումբ»ը որ Ատրպէյճանի հովանաւորութեան տակ կը համախմբէ Գորսիքայի եւ անդրծովեան տարածքներու՝ անկախութեան փարող բոլոր ուժերը։
«Պաքուի նախաձեռնարկ խումբ»ը գրած է, թէ «Ատրպէյճանի դրօշակը դարձեալ կը ծածանի Քանաքիի (քանաքները Նոր Գալետոնիոյ բնիկ ժողովուրդն են, ուրկէ կղզիին՝ անոնց տուած այդ անուանումը) մէջ»։
«Ֆիկարօ Մակազին»ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոն, հակազդելով այս գրառումին,՝ գրած է հետեւեալը. «Ալիեւ, չգոհանալով ծածանեցնելով Ատրպէյճանի արիւնոտ դրօշը Արցախի հայկական հողերուն վրայ, հիմա ալ զայն կը ծածանեցնէ ֆրանսական հողին վրայ, Նումէայի (Նոր Գալետոնիոյ մայրաքաղաքը) մէջ։ Այս ներքին միջամտութեան դէմ պէտք է պայքարիլ այլ ձեւով, քան Ժան-Նոէլ Պարոյի (Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը) վրդովման պարզ մէկ գիրով. պէտք գործողութիւն մը կատարել»։