Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտարարեց, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը իրմէ նեղուած է, որովհետեւ ժամանակին ինք աջակցած է Ատրպէյճանին: Ըստ անոր՝ ինք միշտ «ջանացած է, որ պատերազմ չըլլայ, եւ որ այն ատեն, Ատրպէյճանի ղեկավարը «իրապաշտ դիրքորոշում ունէր»:
«Տեղի ունեցածին մեղքը կ՛իյնայ Հայաստանի ղեկավարութեան ուսերուն, միա՛յն անոնց», ըսաւ Լուքաշենքոն`աւելցնելով, որ իրեն եւ Ռուսիոյ առաջնորդ Վլատիմիր Փութինին զարմացուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք ճանչնալու յայտարարութիւնը:
Աւելի կանուխ, երբ Լուքաշենքօ պաշտպանած էր Ատրպէյճանի՝ Արցախի վրայ յարձակումը, Փաշինեան յայտարարած էր, թէ ո՛չ ինք, ոչ ալ ոեւէ հայ պաշտօնատար Պելոռուս պիտի այցելէ այնքան ատեն, երբ երկրին նախագահը Լուքաշենքոն է։
Շարունակելով քննադատութիւնները` «Եւրոպայի վերջին տիքթաթոր» անունը ստացած Լուքաշենքօ յայտարարեց, թէ Փաշինեան «սիրախաղի սկսած է Եւրոպական Միութեան հետ», ինչ որ, ըստ անոր, « Հայաստանը պիտի կործանէ »:
«Վտանգաւոր խաղ է: Ան Հայաստանը պիտի կործանէ: Հանդարտեցուցէք զայն», ըսաւ Լուքաշենքօ, որ չհերքեց, թէ Հայաստանի հետ նոյն ռազմական կառոյցին մէջ` ՀԱՊԿի մէջ գտնուող երկիր Ատրպէյճանին զէնք վաճառած է՝ ընդգծելով, որ իրենք բաց եղած են նաեւ Հայաստանի համար:
«Ան որ դրամ կը վճարէ, ան ապրանք կը ստանայ», յայտնեց Լուքաշենքօ։