Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս բուռն կերպով դատապարտեց եւ մերժեց որեւէ ծրագիր, որուն նպատակը Կազայէն պաղեստինցիներու տեղահանութիւնն է:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթավերջին այդ գծով յայտարարութիւններ կատարած էր։
Ապպաս, որ այս առնչութեամբ արաբական եւ եւրոպական պետութիւններու ու Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն հետ շտապ հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ` աւելցուց. «Պաղեստինցի ժողովուրդը իր հողերէն ու սրբատեղիներէն պիտի չհրաժարի»:
Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Մեր ժողովուրդը, որ ցեղասպանութեան յոռեգոյն գործողութիւններուն դիմացաւ եւ մերժեց տեղահանութեան յանձնուիլ, կտրուկ կերպով կը մերժէ զինք հեռացնելու եւ տեղահանելու որեւէ ծրագիր»:
Շարժումը ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղեց` հրաժարելու «այս առաջարկէն, որ համահունչ է իսրայէլեան ծրագիրներուն եւ կը հակասեն մեր ժողովուրդի շահերուն»` աւելցնելով. «Արաբական եւ իսլամական պետութիւններուն, մասնաւորաբար Եգիպտոսին ու Յորդանանին կոչ կ՛ուղղենք` հաստատելու տեղահանութիւնը եւ հեռացումը մերժող իրենց դիրքորոշումը»:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «պաղեստինցիներու որեւէ բռնի տեղահանութիւն» մերժեց:
Նոյն նախարարութիւնը աւելցուց, որ Եգիպտոս կը շարունակէ աջակցիլ պաղեստինցի ժողովուրդին՝ իր հողերուն վրայ տոկալուն եւ իր հողին ու հայրենիքին մէջ իր օրինական իրաւունքներուն կառչած մնալուն` շեշտելով, որ կը մերժէ տեղահանութեան, տեղափոխութեան քաջալերման՝ ժամանակաւոր թէ երկարատեւ կերպով պաղեստինցիները իրենց հողերէն արմատախիլ ընելու առաջարկները:
Արաբական խորհրդարանը եւս կտրուկ կերպով մերժեց եւ բուռն կերպով դատապարտեց «պաղեստինցի ժողովուրդը Կազայէն տեղահանելու որեւէ նախաձեռնութիւն կամ փորձ, որուն նպատակը պաղեստինեան դատի լուծարումն է»` նշելով, որ այդպիսի նախաձեռնութիւններ միջազգային օրինականութեան եւ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն բացայայտ խախտում են:
«Բռնի տեղահանութիւնը, ըստ միջազգային մարդասիրական օրէնքին, ոճիր է», շեշտեց խորհրդարանը` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով` բացայայտ կերպով մերժելու այդպիսի նախաձեռնութիւններ:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Կազայի բնակչութիւնը Յորդանան տեղափոխելու՝ Թրամփի առաջարկը` նշելով. «Պաղեստինեան դատի լուծումը Պաղեստինի մէջ է, եւ Յորդանանը յորդանանցիներուն է: Յորդանանի մէջ մեր սկզբունքները յստակ են եւ պիտի չփոխուին, եւ անիկա պաղեստինցիները իրենց հողերուն վրայ հաստատելն ու տեղահանութեան մերժումն է»: