Մանկութեանս, հայերէնի դասագիրքերէս մէկուն մէջ տեղադրուած «անխելք» հաւու մը պատմութիւնը չափազանց տպաւորած է զիս: Հիմա պիտի ըսէք՝ ինչու հաւը խե՞լք կ’ունենայ, որ անոր անխելք տեսակին մասին մանկապատանեկան պատմութիւն գրուած է: Այո՛, չունենար, եւ ճիշդ այդ պատճառաւ ալ չակերտներու մէջ դրած եմ «անխելք» բառը: Հաւազգիներուն տեսակները շատ են, սակայն խելքի տեսակէտով, բոլորն ալ հասարակ յայտարարի մը տակ կը մտնեն բնազդային իրենց կարողութիւններով եւ վասն կերակուրի աստանդական իրենց վազքով կամ ազատ թռիչքով երկինքի կապոյտին տակ:
Որքան որ յիշողութիւնս կը ներէ, մեր դասագիրքին մէջ ներկայացուած պատմութիւնը կ’ըսէր, թէ հաւու մը գլխուն յանկարծ ցորենի հատիկ մը կ’իյնայ, հաւանաբար դաշտին մէջ այդ պահուն վարուցանք ընող մշակին լիաբուռն ափէն թռելով: «Արկածահար» հաւը սարսափահար, գլխուն ինկած հատիկը երկնաքար կարծելով, իրարանցումի կտկտոցով կը սկսի աջ ու ձախ վազել եւ հաւազգի կամ ոչ, ամէնուն լուր տալ, ըսելով, թէ երկինքը փուլ կու գայ…:
Գիտութեան աշխարհին կողմէ երբեմն նման ցնցիչ լուրեր կը տարածուին մամուլի ճամբով: Հեռատեսիլի գիտական յայտագիրներ այնքան մանրամասնօրէն կը հաղորդեն գիտնականներու խմբագրած հաղորդագրութիւնները եւ արուեստական արբանեակներէ կատարուած նկարահանումներ կը ցուցադրեն հանրութեան: Հոն երբեմն կը հանդիպինք նորայայտ աստղերու, որոնց լոյսը ցարդ անտեսանելի եղած էր մարդկութեան: Ասոնք որպէս գիտական յաջողութիւններ կը ներկայացուին մարդոց: Սակայն երբեմն ալ ահազանգ կը հնչեցնեն գիտնականներ, ըսելով, թէ հսկայ երկնաքար մը այնքան մօտեցած է մեր Երկիր մոլորակին, որ կրնայ բախում ունենալ անոր հետ, կործանելով Աստուածաստեղծ այս գեղեցիկ աշխարհը: Նոյն գիտահետազօտական կեդրոնները, այսպիսի լուրեր շրջանառութեան մէջ դնելէ որոշ ժամանակ ետք, աւելի «հանդարտեցուցի»չ հաղորդագրութիւններ կը հրապարակեն, ըսելով, թէ այդ «վախազդու» երկնաքարը առանց մեր Երկրին դպչելու, անցած ու գացած է մեր մօտէն, դարձեալ դէպի անջրպետի անհուն մթութեան ուղղուելով: Անջրպետի այսքան անհուն խորքէն վստահաբար տակաւին շատ մը երկնաքարեր պիտի գան եւ իրենց ահեղ մեծութեամբ սարսափեցնեն ամէնքս:
Մենք վերադառնանք մեր մանկութեան ընթացքին ծանօթացած հաւուն: Հաւը, ցորենի հատիկով գլուխէն զարնուելէ ետք, շատ հաւանաբար անոր երկու սուր անկիւններէն մէկուն պատճառած «ցաւին» չտոկալով, այնպէս կ’երեւակայէ, թէ երկինքն է, որ փուլ կու գայ եւ, ատոր փաստը տալու համար, ամէնուն կ’ըսէ, թէ առաջին երկնաքարը իր գլխո՛ւն ինկած է արդէն: Պատմութեան մէջ ուղղակիօրէն անձնաւորուած են նաեւ այն անհատները, որոնց մօտ կ’երթայ ան, ահազանգ հնչեցնելու:
«Երկինքը փուլ կու գա՜յ… երկինքը փուլ կու գա՜յ», պոռալով, խեղճը կը փորձէ սթափեցնել ծանօթն ու անծանօթը, հասկցողն ու տգէտը, զարգացածն ու անուսը, գրաճանաչն ու շինականը, մէկ խօսքով կենդանին ու մարդ էակը: Բանգէտի փողկապ կապած՝ հաւը կ’անցնի դռնէ դուռ, կը մտնէ ծակ ու ծուկ, վեր ու վար կ’ընէ մարդոց «կեանքի աստիճաններուն» վրայ, իր վայնասունը տարածելով անոնց չսպասած մէկ պահուն, երբ իւրաքանչիւրը տարուած էր իր շինարար աշխատանքով ու կեանքին կը նայէր ամբողջական լաւատեսութեամբ: Իսկ խեղճը փողկապ կապած, այնպէս կը խորհէր, որ զինք տեսնողներ եթէ իրեն իսկ հաւատք չ’ընծայեն, գէթ հագուածքը նկատի առնելով, լրջութեամբ ընդունին ըսածը ու ծիծաղի առարկայ չդարձնեն զինք:
Մեծ մայրերէ մնացած ասոյթ մը կը յիշեմ, որ կ’ըսէ. «Ամէն փողկապ կապողը մարդ չկարծես»: Այս խօսքին տաճկերէն ըսելաձեւն ալ կը յիշեմ, որ յատկապէս Կիլիկեան աշխարհէն վերապրած մեր մեծ ծնողները կը գործածէին, ըսելով. «Ականջ-գլուխ տեղն է, սակայն ուղեղը դատարկ է»: Խելքին համար «կուտ» բացատրութիւնը, որ տուեալ բոյսի մը սերմնացու հատիկին միջուկին համար կը գործածուի առհասարակ, թերեւս այս պատմուածքէն ծնունդ առած է: «Կուտը պակաս», «անկուտի» եւ այլ բացատրութիւնները միեւնոյն իմաստը կ’արտայայտեն:
Պատմութեան մէջ յիշուած հաւուն դիմաց ելլողները զո՛ւր տեղ կը փորձեն հանդարտեցնել տագնապահար հաւը, թէ նման բան չկայ, այլ եղածը ցորենի հատիկ մըն է, որ իր գլխուն ինկած է: Սակայն հաւը աւելի մեծ ողբուկոծով կը շրջագայի, առանց փոխելու իր տեսակէտը, որովհետեւ փաստօրէն գիտէր, թէ իր գլուխէն հարուած մը ստացած էր: Կեանքն ալ նոյն պատկերը կը ներկայացնէ յաճախ: Իմաստուն մարդիկ իրենց տեսակէտը կը փոխեն երբեմն, սակայն յիմարները՝ երբեք: Տակաւին, երկու տեսակ յիմար կայ. մէկը որ չի՛ կրնար իր տեսակէտը փոխել, իսկ երկրորդը՝ որ չուզեր փոխել: Երբեմն բարեխիղճ մարդիկ կը խրատեն այդպիսիները, որ գէթ լուռ մնան, եւ մեր խեղճ հաւուն նման պատահական անցորդներուն չմօտենան, սակայն ո՞վ կրնայ համոզել այդպիսիները: Յիմարը իր գլուխը ամբողջութեամբ կը պարպէ այն վայրկեանին, երբ իր բերանը բանայ: Անիկա կրնայ գեղեցիկ աչքեր եւ խելացի նայուածք ունենալ մինչեւ այն պահը, երբ կը բանայ իր բերանը:
Մեր նշանաւոր հաւը, որ նախակրթարանի տարիներէս սկսած մինչեւ այսօր աչքիս դիմաց կը թփրտայ մղձաւանջային իր կտկտոցով, չ’ուզեր համոզուիլ տակաւին, թէ երկնաքարի հարց գոյութիւն չունի: Մինչեւ անգամ դիմացը ելած աղուէս «եղբայրը» խղճալով անոր, լափելու բնազդը մէկ կողմ կը դնէ ու կը փորձէ համոզել, թէ երկինքը իր տեղն է, եւ ո՛չ մէկ բան շարժած է երկնակամարին տակ: Ան նոյնիսկ կ’ըսէ անոր, թէ ինք աղուէս մը ըլլալով, շատ քիչ տեղեկութիւն ունի անջրպետին մասին, ալ ո՜ւր մնաց սովորական հաւ մը, որ գլուխը կախած, օրն ի բուն կտուցով հողը կը հերկէ: Կեանքի մէջ ալ այդպէս չէ՞: Միշտ խելացին է, որ ուրիշներուն կը հարցնէ ու անոնց փորձառութենէն կ’օգտուի. սովորական մարդիկ իրենց փորձառութեան կը վստահին, իսկ յիմարներ՝ ո՛չ մէկը եւ ո՛չ միւսը ի գործ կը դնեն:
Հաւուն «կուտ» չունենալը բնական երեւոյթ է: Գէթ մխիթարուած պէտք է զգանք, որ ան օժտուած է բնազդային օրէնքով մը, որուն կը հետեւի ակամայ ու կը կառավարէ իր կարճ կեանքը այս աշխարհի վրայ: Իսկ մարդուն «կուտ» չունենալը անբուժելի դժբախտութիւն մըն է, որուն դարմանը միայն Աստուծոյ մօտ կը գտնուի: Ողբերգութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ «կուտ» չունեցողը գիտակցութիւնը չ’ունենար դիմելու Աստուծոյ, «կուտ»ի շնորհքին ստացման համար: Ուրեմն, մեր ամէնուն վրայ պարտականութիւն կը դրուի աղօթելու Աստուծոյ անոնց փոխարէն, «վասն բանին այնորիկ…»: