ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Աբխազիոյ հայ համայնքը (որուն թիւը, ըստ տարբեր աղբիւրներու, 41,900էն մինչեւ 67,000ի կը հասնի, կազմելով Աբխազիոյ բնակչութեան 17․4էն մինչեւ 31 տոկոսը) սպառնալիքի տակ է: Ըստ կարգ մը լրատուական աղբիւրներու՝ այս համայնքը նոյնիսկ դիմած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, որպէսզի պաշտօնապէս դիմէ աբխազ իշխանութիւններուն եւ անոնցմէ պահանջէ ապահովութեան երաշխիքներ:
Աբխազիոյ հայերը կը պնդեն, որ տեղական կառավարութեան ընդդիմութիւնը սերտ կապեր ունի թուրք ազգայնականներուն եւ թրքական հետախուզական ծառայութիւններուն հետ։ Տեղացի հայերը իշխանութեան հասնելու իրենց ջանքերուն խոչընդոտ նկատելով՝ ընդդիմութիւնը «սեւ ցանկեր» կը կազմէ եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ գրգռութիւններ կը նախապատրաստէ հայութեան դէմ: Հետեւաբար, հայերու դէմ ջարդերու եւ բռնութիւններու վտանգները չեն բացառուած:
Ըստ Insider Abkhazia-ի՝ աբխազ ընդդիմութիւնը այս հարցին մէջ կը վայելէ գործօն աջակցութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մտերիմ դաշնակից Տեւլեթ Պահչելիի, որ առաջնորդն է ծայրայեղ աջակողմեան Ազգայնական շարժում կուսակցութեան, որուն մաս կը կազմեն նաեւ ծանօթ ազգայնամոլ «Գորշ գայլերը»: