Աշխարհս արագօրէն կը նեղնայ. առաջուան պէս յաճախ շարժապատկերի սրահ չեմ երթար, առաջուան պէս վէպ ալ կարդացած չունիմ, հազիւ թէ երաժշտութիւն կ՚ունկնդրեմ. տունս կը մնամ եւ ընդհանրապէս ոչինչ կ՚ընեմ. օր ըստ օրէ կը նուազին զիս երջանկացնող, խանդավառող, եռանդ տուող բաները։ Շրջանէ մը ի վեր մարդոց հետ տեսնուիլ ալ չեմ փափաքիր. հետզհետէ կոշտացայ-վայրենիացայ. գիտցածէս աւելին իմանալու համբերութիւնս նուազեցաւ։
Վերջին մէկ տարուան ընթացքին կը զգամ, որ արագօրէն կը ծերանամ. երբ ինքզինքդ ձգես, կը ծերանաս։
Հին բարեկամի մը հետ գիշեր մը մեր խօսակցութեան ընթացքին ինքն էր, որ նիւթը բացաւ։ «Հրանդին մեկնումէն ետք եռանդի պակաս, անքնութիւն, առտուները արթննալու դժուարութիւն, ընդհանուր ձանձրոյթ մը պատեց էութիւնս», ըսաւ։
Հրանդը կորսնցնելու իմաստը մեր կեանքին մէջ ինչպիսի մեծ բաց մը ձգած ըլլալուն մասին չէի մտածած մինչեւ այսօր։ Սիրած բարեկամներէս շատեր ճամբած եմ դէպի յաւիտենականութիւն. Հրանդին հետ խորունկ մտերմութիւն մըն ալ չունէի. ատենը մէկ կը հանդիպէինք։ Հրանդ խտրականութեան հազար ու մէկ ձեւին ենթակայ հայութեան ներկայացուցիչը չէր միայն. եթէ այդպէս եղած ըլլար, բոլոր դժբախտներուն, բոլոր բողոքողներուն, բոլոր իրաւունք եւ արդարութիւն պահանջողներուն համար այդպիսի հզօր լոյսի աղբիւր մը չէր դառնար։ Հրանդը իւրայատուկ առաջարկ մըն էր, կեանքի առաջարկ մը։ Միասնականութեան, արդար բաժնեկցութեան, եղբայրութեան, խինդի, գութի, արդար հաշտութեան մը հասնելու համար փոխադարձ հասկացողութեան ներկայացուցիչն էր։ Զինք վտանգաւոր դարձնողն ալ ճիշդ այս ընդարձակ գետինն էր։ Հրանդին մահը վայրենիներուն սահման չունենալը, վայրագութեան տարածուն կազմակերպուածութիւնը ցոյց տուաւ։
Հրանդը բոլորիս համար եռանդը կը խորհրդանշէր. առանց վշտանալու, առանց դառնանալու, եռանդը վայրկեան մը իսկ չնուազող, հասկնալ եւ հասկցնել փորձող այդ մարդուն գոյութիւնը, նոյնիսկ եթէ մօտը չըլլայինք, անպայման վերադառնալու մեր զգացումը ողջ կը պահէր։
Վերջ ի վերջոյ ինչ սքանչելի երկիր մըն էր հոս. հակառակ այդքան տմարդներու՝ Հրանդին պէս մարդ մը հասակ առած էր այս հողերուն վրայ։ Կեանքը բնաւ ալ գէշ չէր Հրանդին հետ։
Ճիշդ է, Հրանդէն ետք անկարող կ՚ըլլամ ինքզինքս հաւաքել։ Անոր ներշնչած եռանդը անկարող կ՚ըլլամ ապրեցնել ընդհանրապէս։
«Ռատիքալ»
Դեկտեմբեր 2007