Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ պիտի կազմուի Հայաստան-Սէուտական Արաբիա բարեկամական խումբը, որուն նպատակն է՝ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական եւ միջխորհրդարանական կապերու զարգացումը։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս հարցը քննարկուեցաւ Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նիստին եւ ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ:
«2023 թուականին Հայաստանի եւ Սաուդեան Արաբիայի միջեւ հաստատուեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Նախորդ տարի Հայաստանը եւ Սաուդեան Արաբիան փոխադարձաբար նշանակել են ոչ-ռեզիդենտ (բնակող, լիազօր) դեսպաններ: Եւ բոլորովին վերջերս Սաուդեան Արաբիայի խորհրդատուական խորհրդում (իրենց խորհրդարանում) ձեւաւորուել է Սաուդեան Արաբիա-Հայաստան բարեկամական խումբ եւ մեր գործընկերներն այս մասին մեզ տեղեկացրել են: Կարծում եմ` սա շատ ողջունելի քայլ է, յատկապէս երբ նոր են ձեւաւորւում դիւանագիտական յարաբերութիւնները, մենք եւս փոխադարձաբար ստեղծենք Հայաստան-Սաուդեան Արաբիա բարեկամական խումբը», ըսաւ յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան: