Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի կողմէ Իրանին որեւէ սպառնալիք պիտի չըլլայ: Ան այս հաստատումը կատարեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի խորհրդական Մեհտի Սանայիի հետ հանդիպումին ընթացքին:
Հաճիեւ նաեւ ընդգծեց երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը:
Ըստ Հաճիեւի՝ Պաքու շահագրգռուած է Իրանի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կապերը զարգացնելով՝ բարի դրացիութեան ոգիով, առանց որեւէ սահմանափակումներու եւ փոխշահաւէտ հիմերու վրայ, «առ այդ, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու առանցքային կէտը վստահութեան ամրապնդումը եւ թիւրիմացութիւններու վերացումն է»:
Սանայի իր կարգին ըսաւ, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններու մակարդակը պէտք է դուրս գայ զուտ դիւանագիտական ձեւաչափէն եւ տարածուի այլ ոլորտներու մէջ: