
31 Յունուարի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «134 տարիներու անսահման զոհողութիւն» խորագիրով ՀՅԴ 134ամեակի նշումը, Լիբանանի «Հապթուր» պանդոկի «Էմիրէյց» սրահին մէջ:
ՀՄԸՄի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴի դրօշակակիր պատանիներու եւ ԼԵՄականներու մուտքով ընթացք առած հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:
Մէկ վայրկեան լռութեամբ նահատակ եւ մահացած դաշնակցականներու յիշատակը յարգելէ ետք, բացման խօսքը արտասանեց Կարէն Պոյաճեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` Լիբանանի մէջ ՀՅԴի պատմութիւնը:


ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ Հայկական Սփիւռքի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն` Լիբանանի մէջ հայ իրականութեան ամէնէն ազդեցիկ կառոյցներէն մէկուն` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 134ամեակը տօնելու երեւոյթը:
Ան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ կուսակցութեան հիմնադրութեան հանգամանքներուն եւ պայմաններուն` յայտնելով, որ 134ամեայ պատմութեան ընթացքին ՀՅԴն տեսաւ շատ բան` փայլուն յաղթանակներէն մինչեւ ծանր պարտութիւններ, վերելքներ եւ ցաւալի վայրէջքներ, սակայն յաջողեցաւ պահպանել կարեւորագոյնը` հայկական երազանքը, որ ամէնէն մութ ժամանակներուն իսկ փարոս դարձաւ համայն հայութեան: Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ այսօր մենք կանգնած ենք նոր փուլի մը առջեւ. հայկական Արցախը դաւաճանութեան ենթարկուած է, իսկ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը` վտանգուած, աւելի՛ն` կը գործադրուի նաեւ մեր ինքնութեան ոչնչացման ծրագիրը: Այսօր մեզի կը պարտադրեն հաշտուիլ Արցախի բռնագրաւումին հետ, ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հրաժարիլ Անկախութեան հռչակագիրէն, փոխել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, կը ջլատեն Սփիւռքը եւ մեր ակունքէն կը փորձեն հանել Արարատը, եւ այս բոլորը կը կատարեն Հայաստանի թշնամիները` Հայաստանի մէջ իշխող վարչախումբին հետ միասնաբար, իսկ անոնք, որոնք չեն հաշտուած ստեղծուած իրավիճակին հետ, կը պայքարին Հայաստանի վերականգնման եւ հզօրացման համար, կը պիտակաւորուին իբրեւ վրէժխնդիրներ կամ պատերազմական ուժեր: Ան շեշտեց, որ այս ողբերգական իրավիճակը կը պարտադրէ ուժ եւ կամք դրսեւորել, յառնել, ինչպէս միշտ ըրած է մեր ժողովուրդը:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ յայտնեց, թէ ճգնաժամային այս օրերուն ՀՅԴի հիմնադրութեան 134ամեակի տօնակատարութեան համար համախմբուելով անգամ մը եւս կը փաստենք մեր միակամութիւնը, զօրակցութիւնն ու վճռականութիւնը եւ կը վերանորոգենք տասնամեակներու հաւատքը ժողովուրդէն ծնած ժողովուրդին պատկանող ու անոր ծառայութեան լծուած այս կուսակցութեան:
Լուսարձակի տակ առնելով 134ամեայ կուսակցութեան էութիւնն ու հաւատամքը` Բագրատունի ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը հաւատք, համոզում, ոգի ու հոգի է, արժանապատիւ կեանք է, ժողովուրդին բազկերակն է ու անոր պաշտպանը:


Խօսելով մերօրեայ պայթուցիկ, անորոշ, արժեզրկման արշաւի պայմաններուն մասին` Բագրատունի ըսաւ. «Հիմնական նպատակը` մարդը պարպել իր մարդկայնութենէն` զայն վերածելով անբան արարածի, թիւի, մեքենայի, սպառող էակի, որուն միակ նպատակը պէտք է ըլլայ ապրիլ ուրիշին կողմէ ծրագրուած ձեւով` իբրեւ ստրուկ»:
Ան շեշտեց, որ այս վտանգը համաշխարհային է, համատարած, որուն զոհերն են հայութիւնն ու Հայաստանը, իսկ Հայաստանի իշխող խմբակը այս քանդիչ ուղղութեան լաւագոյն փաստը կը շարունակէ տալ գրեթէ ամէնօրեայ հեւքով` Ատրպէյճանին յանձնելով Արցախը, խնդրոյ առարկայ դարձնելով հայութեան համար սրբազան արժէքներ, Ս. Էջմիածինն ու եկեղեցականները, սրբութիւն սրբոց Արարատը, Հայաստանի զինանշանն ու Եռագոյնը, Հայաստանի տարածքը, նահատակներուն թափած արիւնը, Հայոց պատմութիւնը վերածելով Հայաստանի պատմութեան, փորձելով պառակտել սփիւռքը, վերցնելով ազգային բառը, յայտարարելով, որ հողային պահանջ չունինք Թուրքիայէն, աւելի՛ն, Ցեղասպանութիւնը քննելի նիւթի վերածելով, անհրաժեշտ նկատելով Ցեղասպանութեան զոհերուն թիւը հաշուելը, Ցեղասպանութեան նիւթը օրակարգի առաջնահերթութիւն չնկատելով:
Իր պատգամը եզրափակելով` Բագրատունի ըսաւ, որ իսկական տօնը, յաղթանակի տօնը, տօներուն տօնը պիտի տօնենք միասին անպայման, երբ պարտուի դաւադրութիւնը, ապազգային վարքագիծը, երբ վերադարձնենք ազգային արժեհամակարգը եւ ազգային գաղափարաբանութիւնը, երբ պարտուին սուտն ու կեղծիքը, թրքացման քաղաքականութիւնը, եւ Հայաստանը վերադառնայ ամբողջ հայութեան, բանակը դառնայ հայոց մարտունակ բանակ, վերադառնան Արցախը եւ մեր գրաւեալ հողերը: Իսկ այս բոլորի իրականացման կռիւը անդադրում է, կռուելու կամքը` աննկուն, նահատակներուն արեամբ շաղախուած:
Ապա ցուցադրուեցաւ երկրորդ տեսերիզը, որ կը ներկայացնէ 2024 տարուան գաղութային զանազան միութիւններու աշխատանքները:
ՀՅԴ Բիւրոյին խօսքը արտասանեց Յովսէփ Տէր Գէորգեան, որ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը կանգնած է հարցերու առջեւ, որոնց զգալի մասը ենթակայ է լուծումի` առաւելապէս պետական եւ ռազմական միջոցներու, պաշտօնական դիւանագիտութեան ճամբով` աւելցնելով, որ հրաշք լուծումներ չկան, այլ միակ գրաւականը հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանքի շնորհիւ հզօր, ազգային, ընկերային արդարութիւն վայելող պետութեան կերտումն է: Ան հաստատեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ամբողջական կարողութիւնները ի գործ պիտի դնէ հիմնելու իր պատկերացումներուն համահունչ պետութիւն մը, եւ թուեց կարեւորագոյն բաղադրիչները` հզօր ազգային պետութիւն մը ունենալու համար. ա) արտաքին քաղաքականութիւն, որուն առանցքը պէտք է ըլլայ Հայաստանի պետական շահը, հայկական օրակարգը, բ) ներքին առումով, ազգը պէտք է դուրս գայ պատերազմի յաւերժական վախէն եւ անդրադառնայ, որ մեծ խաբէութեան մը թիրախը դարձած է վերջին տարիներուն:
Ազգային-յեղափոխական քանի մը երգով հանդէս եկաւ երգիչ Սուրէն Աճէմեան, որուն միացան պատանիները, երիտասարդները եւ ժողովուրդը:
Աւարտին բեմ բարձրացաւ ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններէն անդամներու փաղանգ մը եւ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի կնքահայրութեամբ կատարեց իր խոստման արարողութիւնը: Պատանիներու այս սերունդը կոչուեցաւ «Քրիստափոր Միքայէլեան»` ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյն անդամին նահատակութեան 120ամեակին առիթով: