Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի «Էքս»ի իր էջին վրայ կատարած գրառումին մէջ, կ՛ըսուի, թէ Ֆրանսայի տեղական իշխանութիւնները համերաշխ են Լեռնային Ղարաբաղի հայ գաղթականներուն եւ զանոնք հիւրընկալող Հայաստանի հետ:
Տըքոթինյի նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Արմաւիրի մարզպետ Արգիշտի Մեխակեանին` մարզին մէջ բնակութիւն հաստատած տասը հազար արցախահայերուն իրավիճակին մասին միտքերու փոխանակման համար: