
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Մայքըլ Քաւուքճեանը նշանակեց Նորվեկիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին՝ նշելով, որ Քաւուքճեան յաջող փաստաբան մըն է, որ նախապէս աշխատած է նաեւ Կեդոնական հետախուզական վարչութեան (CIA) մէջ, իսկ ներկայիս White & Case իրաւաբանական հիմնարկի գլխաւոր գործընկերներէն մէկն է։
Ան մասնագիտացած է Սթենֆըրտ եւ Հարվըրտ համալսարաններուն մէջ։