ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Մէ՛կ ազգ, մէ՛կ հայրենիք:
Ազգային լեզու, ազգային մշակոյթ, ազգային պատմութիւն:
Ազգային հերոսներ…:
Վերջապէս՝
Ազգային հպարտութիւն եւ արժանապատուութիւն…:
Ըսէ՛ք խնդրեմ, ո՞ւր տեղադրել սրբազան այս «կոչում»ները յետ այսու: Ինչպէ՞ս «մարմնաւորել» եւ ներկայացնել յիշեալ «սրբութիւն»ները, որպէսզի անհեթեթ մտածումներով եւ կարծիքներով, մենք մեզ նուաստացնելով չկորսնցնենք մեր իսկ սեփական «ազգային ինքնութիւն»ը:
Սակայն, ինչո՞ւ այսքան դիւրին եւ այսքան պարզ դարձաւ մեր ազգային հաստատութիւններու եւ կամ հիմնարկներու՝ որակաւորումներն ու անուանումները փոխելը եւ կամ անտեսելը..:
Անկեղծօրէն, երբե՛ք չէի մտածած, որ յառաջացած այս դարուն իսկ, ուր խօսքի ու կարծիքներու ազատութիւնը յարգելի են, սակայն մենք տակաւին այսքան կաշկանդուած կը մնանք թշնամիին լուծով ու անոր նողկալի տրամադրութենէն, առաւել եւս, ամենայն ոտնձգութեամբ կը վարուինք մեր ազգային արժէքներու նկատմամբ եւ ապա տկարութեամբ կը յանձնուինք ազգային մեծ ցաւին ու ամօթին:
Ո՞ւր են բոլորը, ո՞ւր ենք մենք… ծպտուն իսկ հանող չկա՞յ:
Ո՞ւր ենք «մենք» եւ ո՞ւր են «մեր ազգային» իրաւունքի ձայները, ինչո՞ւ այսքան անտարբերութիւն մեր դարաւոր, պատմական եւ սրբազան արժէքներուն հանդէպ:
Դարերով ժառանգած եւ պահպանած մեր ազգային արժէքներէն այսքան արա՞գ եւ այսքան դիւրի՞ն ձերբազատուիլը ոչ միայն անընդունելի, այլ նաեւ անհասկնալի է: Կ՛ըսեն, թէ «որդը ծառին մէջ է… որդը ծառին արմատներէն սկսած է սնանիլ…»։
Վա՜յ մեզի, հազա՜ր ափսոս…վա՜յ քեզ ժողովուրդ, երբ քու սեփական ազգի զաւակներդ կ՛ուզեն իրենք իսկ, իրենց արդար ժառանգութեան արմատները խախտել… եւ դո՛ւն, դո՛ւն, դուն դեռ ան«ձա՞յն» կը մնաս ու կը հետեւիս անցուդարձին, որ կարծես խոր թմբիրի մը մէջ ընկղմած ես՝ խուլօրէն:
Շատ լաւ ծանօթ ենք, թշնամիին անարգ արարքներուն ու անոնց հետեւանքով մեր ազգին ապրած բազմազան կորուստներուն ու ցաւերուն, սակայն երբե՛ք եւ երբե՛ք, ընդունելի պէտք չէ որ ըլլայ մենք մեր հանդէպ վնասներ ստեղծելու եւ տարածելու «չար սովորոյթ»ը:
Ծանօթ երեւոյթ են նաեւ համայն աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան պահպանման խօսոյթները եւ քարոզչութիւնը: Նորանոր հայ սերունդներ «զինելու» եւ պահպանելու անթիւ ու անհամար ծրագիրները եւ նուիրումները: Աշխարհով մէկ, բողոքի ձայն հասցնելու անսահման յայտարարները եւ ծրագիրները, սակայն զուգահեռ անոնց, ի՞նչ…
Աւա՜ղ փառացս անցաւորի…ինչպէ՞ս հասկնալ եւ ինչպէ՞ս ընդունիլ, երբ մեր պետական այրերու կողմէ իսկ ծրագրուած եւ ընդունուած ըլլան՝ «ազգային»ը փոխարինել…ազգային արտայայտութենէն զերծ պահելով, լոկ «պետական»ով, երբ պէտք է հասկնալ զուգահեռ արժէքներն ու արժեւորել զանոնք միատեղ, որպէս «ազգային պետական» անհրաժեշտ ասոյթ:
Բոլորս քա՛ջ գիտենք եւ սրտանց կ՛արժեւորենք, թէ ազգն ու պետութիւնը զուգահեռ արժէքներ են, զիրար ամբողջացնող: Մէկը միւսին պատեանն է եւ ոչ միայն, այլեւ զրահապատ պատեանը, որ երբ նման կացութիւններու մէջ գտնուին մէկը կամ միւսը՝ փրկութիւնը համայն ազգին կանչն ու նպատակը դառնայ:
Պետութիւնը կը յանձնուի եւ կորուստի կը մատնուի առանց ազգի գոյակցութեան եւ արդար աջակցութեան, իսկ ազգը կը տկարանայ ու կը ձուլուի եւ աստիճանաբար կ՛անհետի, առանց իր հարազատ պետութեան զօրակցութեան՝ ներքին եւ արտաքին մաշտաբով:
Վերջապէս, մէկը միւսին «դրոշմ»ն է եւ պէ՛տք է որ մնայ, ինչպէս երէկ, այսօ՛ր եւ վաղը՛…:
Ի դէպ, «Մե՛նք», լո՛կ ըսելիք պէտք չէ որ ունենանք, այլ աւելին՝ ընելի՛ք, փոխանցելի՛ք եւ պահպանման ու պաշտպանման ծրագիր եւ հետեւողական գործունէութիւն:
Վերջապէս, սրբութիւնները անդիպչելի են:
Նոյնը նաեւ կարելի է ըսել՝ հայրենական եւ ազգային սրբութիւններուն:
Հայրենական եւ ազգային մաշտաբով պահպանուած սրբութիւններուն ակնածանքով պէտք է մօտենալ եւ ի հարկին համազգային որոշումներով՝ փոփոխութիւններ առաջարկել եւ հիմնաւորել զանոնք արդարօրէն, սակայն երբե՛ք եւ երբե՛ք «ԱՐՏՕՆԵԼԻ» չէ, եւ պէտք չէ որ ըլլայ տուեալ ժամանակի որեւէ պատասխանատուի եւ կամ ղեկավարի անհատական տրամադրութեան եւ կամ որոշումին հիման վրայ, որովհետեւ ղեկավարը «ժամանակաւոր» է, իսկ ազգային «արժէքները» դարաւոր են:
Ուրեմն, երբ «կամենանք» փոփոխութիւններ յառաջացնել եւ ի հարկին «բարեփոխել» տուեալ որեւէ արձանագրութիւն կամ ըմբռնում, անհրաժեշտ է համազգային լուրջ սերտողութիւն՝ զերծ պահելու որեւէ սպառնացող վտանգ… այլապէս, ըստ տրամադրութեան եւ կամ ինքնասիրութեան՝ տուեալ փոփոխութիւններով չվտանգել՝ ազգային դոյզն արժէք իսկ:
Հարկաւոր եւ անհրաժեշտ է, որ համայն ազգութեամբ մեր ձայնը բարձրացնե՛նք,
Եւ թող վերանան մեր մէջ բոյն դրած կորուստի տանող ախորժակներն ու արարքները:
Թող ազգային պահպանման խիղճի արթնութեամբ եւ արժանապատուութեամբ գործենք:
Թող քրիստոնէական արդար հաւատքով մենք մեր ազգային արժէքներն ու արժանիքները պահպանենք:
Վերջապէս, թող՝
Ազգային ու հայրենական մեր աչքերը լայն բացուին ու մեր ազգային միտքը արթննայ իր խոր ու աւերիչ թմբիրէն եւ վերջապէս հասկնանք՝
Ազգն ու հայրենիքը մերն է եւ մենք ենք արդար ու պարտական տէրը մեր ազգային ու հայրենեաց սրբութեանց: