

Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ 11 Փետրուարին, վերջերս Ալթատինայի հրդեհներուն ընթացքին հրոյ ճարակ դարձած Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի Հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ անձնակազմի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄի Փասատինայի կեդրոնին մէջ, ուր ժամանակաւորապէս կը շարունակուին վարժարանին դասաւանդութիւնները։
Ներկայ էին նաեւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ՀԲԸՄի, նահանգային օրէնսդիրներու, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչները։
Կողմերը քննարկեցին վարժարանը վերակառուցելու եւ վերաբանալու կարելիութիւնները՝ նկատի ունենալով, որ ՀԲԸՄի ներկայ համալիրը կարողութիւնը չունի ամբողջ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը հիւրընկալելու, երբ նաեւ մանկապարտէզի աշակերտները այլ վայրի մը մէջ դպրոց կը յաճախեն։
Նահանգապետը խոստացաւ օժանդակել դասաւանդումի եւ շինարարութեան արտօնագիրները ապահովելու, ինչպէս նաեւ վարժարանը մաքրելու ջանքերուն։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ հրդեհէն տուժած համայնքին ընտանիքները կրնան շարք մը պետական նպաստներ ստանալ։
Նաեւ, նկատի ունենալով, որ վարժարանը պետական հաստատութիւն մը չէ, անիկա դժուարութիւն ունի պետական աջակցութիւն ապահովելու, ինչ որ դպրոցին փակումին կրնայ հասցնել, որ համայնքին հարուած պիտի հասցնէ։
Վարժարանին ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին նահանգապետին, իր ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ աջակցելու խոստումներուն համար։
«Մեր համայնքը յանձնառու է վերակառուցման, բայց այդ մէկը կարելի չէ միայն մեր ջանքերով իրականացնել։ Հրդեհը տուներ, գործատեղիներ եւ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին պէս սիրելի հաստատութիւններ հրոյ ճարակ դարձուց։ Երախտապարտ ենք նահանգապետ Նիւսըմին, որ անձամբ ուզեց ծանօթանալ համայնքին կրած վնասներուն եւ անոր հետ մօտէն պիտի գործակցինք համայնքին համար պէտք եղած միջոցները ապահովելու համար», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան։
(Քաղուած Վաչէ Իւրէճեանի թղթակցութենէն)
