Հինգշաբթի երեկոյեան, իրանեան երկու օդանաւերու արտօնութիւն չտրուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանը էջք կատարելու։ Այս մասին լուրերու տարածուելէն ետք, մեծաթիւ ցուցարարներ անիւներ վառելով՝ ժամանակաւորապէս փակեցին օդակայանի ճամբան` արձակելով «Հըզպալլա»ին զօրակցող կարգախօսներ:
Իրան Ուրբաթ օր դատապարտեց այս քայլը՝ շեշտելով, թէ անիկա կատարուած է Իսրայէլի պարտադրած ճնշումներուն պատճառով: Թեհրան նաեւ անհիմն համարեց Իսրայէլի այն պնդումները, թէ օդանաւերը «Հըզպալլա»ին կանխիկ գումարներ կը փոխանցէին։