Ատրպէյճան արգիլեց Ռուսիոյ իշխող «Ետինայա Ռուսիա» կուսակցութեան երեսփոխան Նիքոլայ Վալույեւի մուտքը երկիր` զինք յայտարարելով անբաղձալի անձ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ յայտնեց, թէ ռուս երեսփոխանին «Ատրպէյճանի դէմ յայտարարութիւններ»ը պատճառ դարձան այս որոշումին։
Ըստ անոր՝ Ռուսիոյ խորհրդարանի Զբօսաշրջութեան յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ Վալույեւի «Ատրպէյճանի եւ ատրպէյճանցիներուն հացէին վիրաւորական յայտարարութիւնները» բոլորովին անընդունելի են: Ան յիշեցուց, որ Վալույեւէն առաջ արգիլուած էր նաեւ Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀի հարցերու յանձնախումբի առաջին տեղակալ Քոնսթանթին Զաթուլինի եւ Ընտանիքի պաշտպանութեան յանձնախումբի փոխնախագահ Վիթալի Միլոնովի Ատրպէյճան մուտքը:
Պաքու կը պնդէ, որ անոնք «դէմ են Ատրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան»:
Նշենք, որ մեկնաբանելով Պաքուի մէջ «Ռուսական տուն»ը փակելու Ատրպէյճանի որոշումը՝ Վալույեւ նշած էր, որ իբրեւ պատասխան, Ռուսիա պէտք է ուսումնասիրէ իր տարածքին մէջ ատրպէյճանցիներու համայնքներու ապօրինի գործունէութիւնը: