Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունման ռազմավարական նպատակը անցումն է՝ «պետականազուրկ ազգի մնացորդային գործելակարգից դէպի պետականակերտ ժողովրդի գործելակարգ», ըսաւ ան իր ուղերձին մէջ, որուն միջոցով ան կը ներկայացնէ իրական Հայաստանի գաղափարախօսութեան նախագիծը, որ բաղկացած է 14 դրոյթներէ։
Ըստ Փաշինեանի` համաժողովրդական հանրաքուէով նոր Սահմանադրութեան ընդունումը էական է, որովհետեւ գործող Սահմանադրութիւնը ընդունելու համար կատարուած բոլոր նախկին հանրաքուէները առնուազն հանրային ընկալման մէջ ունին օրինականութեան լուրջ պակաս:
Շուրջ ամիս մը առաջ` Յունուարին, արդարադատութեան նախարարը խոստացաւ մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւնները նոր Սահմանադրութեան բնագիրը մշակել:
Նոր Սահմանադրութեան հարցը իշխանութեան օրակարգին վրայ անցաւ Պաքուի պահանջէն ետք: Ատրպէյճան մնայուն կերպով կը պահանջէ փոխել Հայաստանի մայր օրէնքը, որովհետեւ խնդրայարոյց կը նկատէ անոր նախաբանին մէջ Անկախութեան հռչակագիրին յղումը, իսկ հռչակագիրին մէջ Արցախի ու Հայաստանի միաւորման մասին յիշատակում կայ: Նախորդ տարի, Սահմանադրական դատարանը որոշեց, որ Անկախութեան հռչակագիրին եւ Սահմանադրութեան բովանդակութիւնը նոյնը չեն: Բայց, նոյնիսկ անկէ ետք Պաքուի պահանջը չդադրեցաւ:
Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութեան նախագիծի կէտերէն մէկը «անկախութիւնը քչերից կախուածութիւնը փոխարինելն է շատերից կախուածութեամբ»: Նախագիծին մէջ, որ հրապարակուած է, կը նշուի, որ «պետութիւնը սեփական բախտը որոշելու, ճակատագիրը կանխորոշելու լաւագոյն գործիքն է ժողովրդի համար, բայց այս նպատակին առաւել արդիւնաւէտ ծառայելու համար պետութիւնը պէտք է լինի հնարաւորինս անկախ:
«Հետեւաբար, անկախութեան ռազմավարութիւնը քչերից կախուածութիւնը շատերից կախուածութեամբ փոխարինելու ռազմավարութիւնն է: Եթէ պետութիւնն արդէն կախուած է շատերից, ուրեմն պէտք է խնդիր ունենայ կախուած լինել աւելի շատերից: Բալանսաւորուած (հաւասարակշռուած) եւ բալանսաւորման արտաքին քաղաքականութեան նպատակը նոյնիսկ շատերից կախուածութեան մէջ անհամաչափութիւններ թոյլ չտալն է»:
Այնտեղ անդրադարձ կայ նաեւ խաղաղութեան՝ «Խաղաղութիւնը հարեւանների միջավայրում առանց կողմնակի աջակցութեան ապրելու հմտութիւնն է: Խաղաղութիւնն արտաքին յարաբերութիւնների վերջնանպատակն է: Երբ խաղաղութիւնը հաստատուած է, այն շարունակում է մնալ արտաքին յարաբերութիւնների վերջնանպատակ, արտայայտուելով տնտեսական, քաղաքական, մշակութային համագործակցութեամբ»։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆԱՅՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով պիտի կազմուի Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան վերանայման աշխատանքները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովը, որուն ղեկավարը պիտի ըլլայ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:
Յանձնաժողովի կազմին մէջ պիտի ըլլան նաեւ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի, Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան մնայուն յանձնաժողովի նախագահները, ինչպէս նաեւ շարք մը նախարարութիւններու փոխղեկավարներ, Պետական եկամուտներու կոմիտէի փոխնախագահը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան փոխտնօրէնը, Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան պետի տեղակալը:
Բացի այդ, յանձնաժողովին մէջ պիտի ըլլան Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարը, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակի ղեկավարը, փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի խորհրդականը, Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակի ղեկավարը:
28 Յունուարի իր ելոյթին մէջ, Փաշինեան յայտարարած էր, որ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը յառաջիկային պիտի փոխուի եւ պիտի վերափոխուի: Բանակը պիտի ներառուի ազգային արժէքներու շարքին: «Այո՛, բանակը պետական արժէք է», ըսած էր ան։