«Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ ատրպէյճաներէնով BBC Newsը կը փակէ Պաքուի մէջ իր գրասենեակը:
BBC-ն այս մասին հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութենէն բանաւոր յանձնարարականներ ստանալէ ետք, ընկերութիւնը պարտադրաբար որոշած է երկրին մէջ փակել իր գրասենեակը:
Նշենք, որ BBC-ի ատրպէյճանական ծառայութիւնը կը գործէ 1994էն ի վեր՝ սկիզբը եթերով, ապա՝ առցանց:
«Մամուլի ազատութեան դէմ սահմանափակող միջոցը խորապէս ցաւալի է: Ասիկա մեծապէս կը բարդացնէ մեր Ատրպէյճանի մէջ մեր գործունէութիւնը եւ Ատրպէյճանի մէջ իրադարձութիւններու լուսաբանման հարցով մեր հանդիսատեսին համար՝ թէ՛ երկրին մէջ, եւ թէ անկէ դուրս», ըսաւ BBC-ի բանբերը։
Ատրպէյճանի մէջ պետական վերահսկողութեան տակ գտնուող լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ երկրի իշխանութիւնները մտադիր են Ատրպէյճանի մէջ աշխատող BBC-ի աշխատակիցներուն թիւը հասցնել մէկի:
BBC-ն ընդգծեց, որ կայանի լրագրողները Պաքուի մէջ դադրեցուցած են իրենց գործունէութիւնը, այնքան ատեն որ իրավիճակը չէ յստակացած տակաւին, սակայն BBC-ն մտադիր է շարունակել ատրպէյճաներէնով հաղորդումները:
BBC-ն Ատրպէյճանի կառավարութենէն գրաւոր յանձնարարականներ չէ ստացած եւ տարբեր ուղիներով պարզաբանումներ կը խնդրէ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս տակաւին չէ արձագանգած BBC-ի մեկնաբանութեան խնդրանքին: