21 Փետրուարին նշուող Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան ընդառաջ, Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ DEM կուսակցութեան ժողովներու դահլիճին մէջ ներկայացուեցան անհետացման վտանգի ենթակայ լեզուները, որոնց կարգին՝ արեւմտահայերէնը եւ հայոց լեզուի Համշէնի բարբառը։
Այսպէս, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ արեւմտահայերէն խօսք հնչեցուց պոլսահայ հասարակական գործիչ Մուրատ Մըխճըն, իսկ Համշէնի բարբառով ելոյթ ունեցաւ համշէնահայ մտաւորական, շարք մը գիրքերու հեղինակ Հուրիյէ Շահին։
Բացի ասոնցմէ՝ ներկայացուեցան նաեւ զազայերէնը, քրտերէնը, ասորերէնը եւ այլ լեզուներ, որոնք նոյնպէս անհետացման վտանգին տակ կը գտնուին։