
24 Փետրուարին, Ժընեւի մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար սէյիտ Ապպաս Արաղճիի եւ Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) նախագահ Միհեանա Սպոլեարիչ Էկերի հետ, յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն։
ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ, Միրզոյեան եւ Արաղճի քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր: Ընդգծուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան շարունակական զարգացման ուղղութեամբ գործնական քայլերու պատրաստակամութիւնը, անդրադարձ կատարուեցաւ զանազան ուղղութիւններով իրականացուող աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Լուսարձակի տակ բերուեցան նաեւ տարբեր ձեւաչափերով փոխգործակցութեան կարելիութիւնները:
Միրզոյեան եւ միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային զարգացումներուն, Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ յարատեւ խաղաղութեան ապահովման վերաբերող ջանքերուն, միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները անվերապահ կերպով յարգելուն վրայ հիմնուած տարածաշրջանային տնտեսական եւ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերուն շուրջ:

Սպոլեարիչ Էկերի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ ԿԽՄԿի միջեւ փոխգործակցութեան եւ մարդասիրական բնոյթի հարցեր: Միրզոյեան անդրադարձաւ անօրինաբար Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդ պահուած անձերու ազատ արձակման հարցին, ընթացող կեղծ դատավարութիւններուն` մտահոգութիւն յայտնելով նշեալ անձերուն առողջական վիճակին եւ անոնց նկատմամբ հնարաւոր ներգործութեան գծով:
Օրակարգային այլ հարցերու կարգին անդրադարձ կատարուեցաւ անյայտ կորսուած անձերու ճակատագիրները յայտնաբերելու ուղղութեամբ գործադրուող եւ անհրաժեշտ լրացուցիչ ջանքերուն: Միրզոյեան ընդգծեց հարցը հասցէագրելու ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ արտայայտուած պատրաստակամութիւնը եւ քայլերը՝ նկատի ունենալով անյայտ կորսուած անձերու ընտանիքներու անդամներուն համար հարցին զգայունութիւնը: Ան շեշտեց, որ մարդասիրական բնոյթի հարցերու լուծումը կրնայ ըլլալ կարեւոր գործօն մը՝ ամբողջական կարգաւորման եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման համար:
Հանդիպումին ընթացքին Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: