Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 24 Փետրուարին, առաջին անգամ ըլլալով միջազգային ատեանէ մը՝ ՄԱԿի ամպիոնէն, հրապարակաւ անդրադարձաւ Պաքուի մէջ ընթացող դատավարութեան: Ելոյթ ունենալով ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի նիստին` ան յիշատակեց Ատրպէյճանի մէջ պահուող պաշտօնապէս հաստատուած բոլոր գերիները:
«Հէնց այս պահին Ադրբեջանում ընթանում են կեղծ դատավարութիւններ 23 հայ անձանց նկատմամբ, ովքեր կամայականօրէն են ազատազրկուած, ընդ որում` անտեսելով պատշաճ դատավարութեան համար անհրաժեշտ մարդու իրաւունքների չափանիշները», յայտարարեց Միրզոյեան։
Ան իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ խաղաղութեան հեռանկարին՝ դարձեալ խօսելով Հայաստանի նկատմամբ Ատրպէյճանի տարածքային յաւակնութիւններուն մասին: «Մեր արեւելեան հարեւանից հնչող յայտարարութիւնները շարունակում են կասկածի տակ դնել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը` չնայած միմեանց տարածքային ամբողջականութեան ճանաչմանը` հիմնուած 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագրի վրայ, որը, ի թիւս այլոց, վերահաստատել էր, որ Հայկական եւ Ադրբեջանական խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութիւնների վարչական սահմանները դարձել էին անկախ հանրապետութիւնների միջազգային սահմաններ», ըսաւ Միրզոյեան եւ յիշեցուց, որ հայկական կողմը Պաքուին ուղարկած է առաջարկներ թէ՛ խաղաղութեան պայմանագիրին եւ թէ ճամբաներու բացման ու սպառազինութիւններու փոխադարձ վերահսկողութեան վերաբերեալ: Սակայն, դատելով հայաստանցի պաշտօնատարներու յայտարարութիւններէն, ամիսներէ ի վեր Ատրպէյճան չ՛արձագանգեր։
«Մենք համոզուած ենք, որ երկու կողմերի կառուցողական արձագանգը, հետագայ ներգրաւուածութիւնը եւ քաղաքական կամքի դրսեւորումը մեծապէս կը նպաստեն մեր տարածաշրջանում խաղաղութեան նոր դարաշրջանի բացմանը: Հէնց այս համատեքստում ես կը ցանկանայի եւս մէկ անգամ վերահաստատել հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը` թշնամանքի էջը շրջելու եւ ինստիտուցիոնալիզացուած (կառուցային դարձած) խաղաղութիւն հաստատելու հարցում: Մենք ոչ միայն պատրաստ ենք դրան, այլեւ չենք շեղուելու այդ ուղուց», ընդգծեց Միրզոյեան: