
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը կազմակերպած էր աննախընթաց հանդիպում մը երաժիշտ, բանահաւաք, դաստիարակ, մանկապատանեկան գիրքերու եւ մանկամսուրի դասերու ծրագիրի հեղինակ Անահիտ Սարգիսեանի հետ:
Հանդիպումին հրաւիրուած էին Ազգային մանկամսուրներու եւ մանկապարտէզներու ուսուցիչները, որոնք երկու տարիներէ ի վեր կը գործածեն Անահիտ Սարգիսեանի «Ձեռք-Ձեռքի» ծրագիրը՝ 2էն 5 տարեկան մանուկներու համար: Հրաւիրուած էին նաեւ բոլոր հայկական մանկամսուրներու եւ մանկապարտէզներու ուսուցիչները, վարիչները եւ վարժարաններու տնօրէնները:
17 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 9ին, հայ ուսուցիչները Նախագահներու տօնին օրը, ժպիտով կը փութային Կլենտէյլի Հայ երիտասարդական կեդրոնը: Հակառակ արձակուրդի օր մը ըլլալուն՝ ուսուցիչները սիրով եւ անհամբեր՝ եկած էին դիմաւորելու Անահիտը եւ անոր ստեղծած աշխարհը՝ լաւագոյնս հասկնալով զայն իրենց դասարաններուն մէջ ամբողջական կերպով իրագործելու կարեւորութիւնը:


Հանդիպումին ներկայ էին շուրջ 120 ուսուցիչներ, Խնամակալ մարմինի անդամներէն դոկտ. Յասմիկ Պարան, Ազգային մանկամսուրներու վարիչները՝ դոկտ. Կարին Չուքատարեան, Վեհիկ Գաբրիէլեան, Անգին Իսքաճեան, Լորէթ Աւանէսեան եւ Քրիսթինա Մովսիսեան, ինչպէս նաեւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէն դոկտ. Սիւզի Օհանեան, որոնք եկած էին լսելու, պատրաստուելու եւ մանաւանդ խաղալով՝ իւրացնելու ծրագիրը իր բոլոր ծալքերով:
Բացման խօսքը արտասանեց Խնամակալ մարմինի գործավար Թամար Թիւֆէնկճեան: Ան գնահատեց բոլորին ներկայութիւնը եւ մանաւանդ անոնց հետեւողական աշխատանքը՝ նոր սերունդներ պատրաստելու ճամբուն վրայ: Ապա ան ներկայացուց Անահիտ Սարգիսեանը՝ կենսագրական հակիրճ տուեալներով, ապա հրաւիրեց զայն վարելու օրուան աշխատանոցը:
Անահիտը առաւօտեան ժամը 9:30էն կէսօրէն ետք ժամը 1:30 (ընթացքին կէս ժամ դադար) կրցաւ իր խաղերով, երգերով, բանաստեղծութիւններով, կատակներով եւ մանաւանդ՝ հայեցի շունչով գրաւել բոլոր ներկաներուն ուշադրութիւնը եւ անոնց մասնակցութեամբ բազմաթիւ խաղեր ու երգեր օգտագործեց՝ քաջալերելով ուսուցիչները, որ անոնք այս խաղերով գրաւեն նաեւ իրենց աշակերտները: Անահիտը «մասուրիկներ» օծեց բոլոր ուսուցիչները, որ ունենան մասուրին համը եւ գոյնը: Մասուրիկներ, սակայն, իւրաքանչիւրը պիտի դառնայ քառասուն ճիւղով որթատունկ, իսկ հովանիին տակ պիտի խայտայ մանուկին աշխարհը: «Ձեռք-Ձեռքի» ծրագիրը պիտի դառնայ յենասիւնը՝ խեչակը, ընձիւղած որթատունկին:

Անահիտ Սարգիսեանի ծրագիրը մանկական աշխարհը հարստացնող եւ անուղղակի կերպով ուսուցանելուն հաւատացող ծրագիր մըն է: Ծրագիրը իր մէջ կը պարփակէ լեզու, արուեստ, երգ, երաժշտութիւն, թուաբանութիւն, գիտութիւն, հայկական բանահիւսութիւն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն՝ կրօնական եւ ազգային արժէքներով շաղախուած: Մէկ խօսքով՝ յագեցած STEAM ծրագիր մըն է, որուն հայ երանգը շատ գնահատելի է եւ մանուկը ինքնաբերաբար երկլեզու կը դարձնէ. արժանիք մը՝ զոր արդի մանկավարժութիւնը հաստատած է, որպէսզի մանուկին ուղեղի զարգացման ընթացքը շատ աւելի ընդարձակ եւ կայուն ըլլայ: Ծրագիրը բացի ֆիզիքական գիրքերէն եւ խաղերէն ունի նաեւ թուայնացած տարբերակ մը, որ ներկայացուած է «Զնտուկ» կայքէջին միջոցով:
Սարգիսեան մօտաւորապէս չորս ժամ տեւողութեամբ ներկայացուց բազմաթիւ խաղեր եւ երգեր, որոնք կը միտին բազմակողմանի դաստիարակութիւն տալ մանուկին, նոյն ատեն անոր լեզուն բանալով՝ հայերէն խօսելու, հայերէն երգելու, հայերէն հաշուելու եւ հայերէն ստեղծագործելու համար:
Իւրաքանչիւր հայկական տօն համապատասխան արժէք ստացած է Անահիտին ծրագիրին մէջ, առանց զայն անջատելու ապրող երկիրի տօներէն եւ խաղերէն: Մանուկը իր ապրած տեղը կը ճանչնայ եւ կը սիրէ՝ իբրեւ քաղաքացի իսկ իր էութեան արմատները կը ճանչնայ իբրեւ հայ: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան անուղղակի՝ երգով ու խաղով, որպէսզի մանուկին համար հայերէնը դառնայ հաճելի եւ մատչելի:


Սարգիսեան այս ծրագիրը հիւսած է իր բացառիկ տաղանդով եւ իր գործնական-դասարանային տարիներու փորձառութեամբ: Ան հայ արուեստին եւ արմատներուն սիրահար մը ըլլալով՝ կրցած է ստեղծել ծրագիրը, որուն մէջ բոլոր յիշուած մասնիկները խաղով եւ անուղղակի կերպով, բայց մանաւանդ կը հոսին հայկական բանահիւսութենէն եւ կը դառնան մանուկին սեփականութիւնը:
Լեզուաբաններու եւ մանկավարժներու հաստատումով՝ գիտենք, թէ խաղը մանուկին զարգացման առողջ ընթացքին համար անհրաժեշտութիւն մըն է եւ մանուկը խաղալու համար պատրաստ է ամէն «զոհողութիւն» յանձն առնելու… Իսկ դաստիարակը, ճիշդը փոխանցելու համար ամէն միջոց պիտի գործադրէ եւ այս պարագային՝ պիտի խաղայ մանուկին հետ, որպէսզի հասնի անոր եւ իր փոխանցումը ճիշդ ձեւով կատարէ:
Աւարտին, բոլոր մասնակցողները շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքերով ցտեսութիւն ըսին Անահիտին եւ իրենց գնահատանքի ծաղկեփունջը եւ հայկական խորհրդանշական նուէրը փոխանցեցին անոր՝ նոր հանդիպումներու մաղթանքներով:
Ստորեւ՝ Անահիտ Սարգիսեանին մտորում-խորհուրդը այդ օրուան մասին.
քանի՞ տարի առաջ էր
ինչպէ՞ս յիշել
երեսո՞ւն տարի թէ աւելի
լե՛փ լեցուն էր անշուշտ
փոքր դահլիճը
դասախօսութենէն ետք
յարմար պահը կը գտնեմ
աննկատ սահելու ու դիմացը կանգնելու
ո՞վ ես դուն՝
կը հարցնէ
անահի՛տն եմ՝
կը պատասխանեմ
ու կը հայցեմ խորհուրդը իր
կարենալ ապրեցնելու լեզո՛ւն
մանկապարտէզին պատերուն մէջ
ի՜նչ մանկապարտէզ
կը բացականչէ անմիջապէս
պէտք է վազէ՛ մանուկը
ազա՜տ վազվռտէ՝
լե՜ռ ձոր, արտ ու դա՛շտ
կը ժպտիմ դասախօսին՝
Վահէ Օշականին
ապա
ա՛յդ պահէն սկսեալ
յուշի՜կ յուշիկ
կը դառնամ
կորսուած այն աշխարհը՝
լե՜ռը ձորը, արտն ու դա՛շտը
սփիւռքի մէջ շնչող
մանուկին