
Հայաստան աւարտած է Մարգարայի սահմանային կէտի աշխատանքները. անիկա բացումի պատրաստ վիճակի մէջ է: 27 Փետրուարին, կառավարութեան նիստէն ետք, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, այս մասին յայտնեց տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան:
«Հանրապետութեան վարչապետի հետ այց է եղել Մարգարայի սահմանային կէտ, շինարարական աշխատանքներն աւարտուած են, բացմանը պատրաստ վիճակ է», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով անցակէտի բացման ժամկէտներուն՝ Խուդաթեան նկատել տուաւ, թէ անիկա քաղաքական որոշումի արդիւնք պէտք է ըլլայ, որ միայն Հայաստանի դիրքորոշումէն կախեալ չէ։ «Որեւէ յստակեցում այդ մասով չկայ, կամ առնուազն ես չեմ տիրապետում այդպիսի յստակեցման», յայտնեց Խուդաթեան: