Հայաստանի առաջին հանրապետութեան իշխանութիւնը, անկախութեան 30 ամիսներէն ետք, խորհրդային իշխանութեան եւ Թուրքիոյ դաւադիր գործակցութեան արդիւնքով 1920ի Դեկտեմբեր 2ին երկրի ղեկը յանձնեց խորհրդային իշխանութեան:
Հայաստանի առաջին Յեղկոմը իր ապազգային եւ անհեռատես քաղաքականութեամբ, իրենց ղեկավարման 78 օրերու ընթացքը հայ ժողովուրդին մղեց համաժողովրդական ապստամբութեան, որ 1921ի Փետրուար 18ին պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Այդ օրերէն ասդին, 87 տարիներ ետք, անդրադառնալով պատմական այս դէպքին, որը ի դէպ՝ նախկին Խորհրդային Միութեան ութը տասնամեակներէ աւելի երկարող պատմութեան մէջ յաջող ելք ունեցած միակ ապստամբական շարժումն էր՝ կը տեսնենք, թէ պատահածը արդար հակադարձութիւն մըն էր, որովհետեւ ոչ միայն ամբողջութեամբ խախտուած էին Դեկտեմբեր 2ի պայմագիրի բոլոր դրոյթները, այլ նախորդ 78 օրերու ընթացքին տխրահռչակ Կասեանները եւ Նուրիջանեանները, մղուած գաղափարական եւ տեսաբանական մոլեռանդութիւնէ, իրենց կարելին փորձած էին՝ հայութեան ազգային ոգին եւ ազատատենչութիւնը արմատախիլ ընելու համար:
Եւ, ի փառք «սրբազան խենթերուն» կատարած փետրուարեան սխրագործութեան, համայնավար կուսակցութեան ղեկավարութիւնը Հայաստանի իշխանութիւնը յանձնեց աւելի չափաւորական Յեղկոմի մը, որ նոյնինք Լենինի յորդորներով գէթ ժամանաւորապէս խուսափեցաւ ծայրայեղ ճնշումներէ:
Փետրուարեան ապստամբութեան բարերար արդիւնքներէն կարելի համարել նաեւ հայկական բանակի աքսորեալ սպաներու մեծ մասի վերադարձը հայրենիք եւ հայ ժողովուրդի ընտրանիին փրկութիւնը ստոյգ մահէն:
Այս բոլորին կարելի է աւելցնել նաեւ Փետրուարեան ապստամբութեան այն իրողութիւնը, որ այս սխրագործութեամբ հայութիւնը փաստ մըն ալ աւելցուց, Սարդարապատէն ոչ շատ ետք, թէ միշտ պատրաստ է ստրուկի հոգեվիճակը թօթափելու պայքարին: