«28 Փետրուարին կ՛այցելեմ Վայոց ձորի մարզը»: Այս մասին «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի՝ աւելցնելով. «Վայոց ձորի մարզը կը գտնուի Ատրպէյճանի կողմէ մասնակիօրէն բռնագրաւուած հայկական տարածքի յենակէտային հատուածին մէջ: Անիկա ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող մարզ է: Այստեղ կը գտնուի Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան (EUMA) կեդրոնատեղին»։
