Երկուշաբաթի օր ազդանշանը տրուեցաւ Հայաստանի նախագահական թեկնածուներուն պաշտօնական քարոզարշաւին։ Յայտնաբար, ինը թեկնածուներն ալ համապատասխան նախապատրաստուածութեամբ մեկնարկեցին իրենց ընտրարշաւային գործունէութիւնները։
Պաշտօնական ընտրարշաւի մեկնարկման նախօրէին, եւրոպական խորհրդարանը կը քննարկէր հարաւային Կովկասի նկատմամբ «Խոստումներէն գործողութիւններ» ծրագիրը։ Այդ առիթով կը վերարծարծուէր 2007ի Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին եւրոպական քաղաքական շրջանակներուն տուած գնահատականը։ Պատահական չէ այս վերյիշեցումը։ Արձանագրուած յառաջընթացէն նահանջ պէտք չէ արձանագրեն մեր պետութիւնն ու հասարակութիւնը։
Որեւէ համընդհանուր եւ առարկայական դիտարկում ընտրական տուեալ գործընթացի նկատի չունենար միայն քուէարկութեան օրը։ Ընտրական գործընթացը միայն քուէատուփ ուղղուելու օրով եւ աքթով չի սահմանափակուիր, այլ բնականաբար կ՚ընդգրկէ ընտրական օրէնսգիրքի ներառած հիմնադրոյթները, ընտրական համակարգի ժողովրդավար հիմունքը, գործող իշխանութիւններուն վարչական լծակներ օգտագործելու հնարաւորութիւններու տիրապետումը, մամուլին նկատմամբ որդեգրուած վարքագիծը եւ առհասարակ ընտրական մթնոլորտին ժողովրդավար չափորոշիչներու համընկնումի խնդիրը։
Այս հանգրուանին ուրեմն, լուսարձակները կը կեդրոնանան քուէարկութեան օրուան նախորդող պաշտօնական ընտրարշաւի ընդհանուր իրավիճակին վրայ։
Դրսեւորուած աշխուժութեան առողջ ուղղութիւններուն վրայ դժբախտաբար ստուեր կը ձգեն թէ՛ պաշտօնական քարոզարշաւի նախորդող օրերուն, թէ այս օրերուն մերթ ընդ մերթ բեւեռացում եւ լարուածութիւն յառաջացնող կարգախօսները, օգտագործուած բառապաշարը, հաշուեյարդարային մօտեցումները, քաղաքական բեմէն իրար ի սպառ չէզոքացնելու կիրքով արտասանուած գաղափարները։ Մէկ կողմէ՝ իշխանութիւններուն վարած ինքնավերարտադրանքի կոչուած քաղաքականութիւնը, միւս կողմէ՝ վարչակարգ կազմաքանդելու, այսօրուան Հայաստանը մոնկոլաթաթարական խանութիւն դաւանելու իրարամերժ մօտեցումները ընտրութեան երկբեւեռ դրութեան կը փորձեն առաջնորդել ամբողջ երկիրը։
Այստեղ է, որ ինքզինք կ՚աշխատի պարտադրել երրորդ բեւեռի ձեւաւորման առողջ տեսութիւնը, որ անցեալի եւ ներկայի անզիջող պայքարէն հեռու ժողովուրդին կը ներկայացնէ ապագան կերտելու ընտրանքը։ Այստեղ է փաստօրէն, որ քաղաքակիրթ մշակոյթով ընտրական մեքանիզմներ յառաջացնելու, քաղաքական դաշտը լարուածութենէ եւ բեւեռացումէ հեռու պահելու տեսական եւ գործնական օրինակներ կու տայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութիւնը։
Ժողովրդավարական չափորոշիչներու նշանաձողի նկատառելի աստիճանաչափ նուաճելուն մէջ կարեւոր է նաեւ օգտագործուած ոճը։ Օրէնքի սահմաններուն մէջ տեղաւորուելով, քաղաքակիրթ բանավէճեր ծաւալելով եւ մանաւանդ ընտրապայքարին գաղափարական շեշտադրումները գերադասելով մենք իբրեւ պետութիւն եւ ազգ, անկախ օտարին տուած կամ տալիք գնահատականներէն, առաւել բարձրացուցած կ՚ըլլանք քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ մեր մրցունակութեան չափը։
Ընտրութիւններուն գաղափարական եւ ծրագրային խորք տալու ազգային եւ համապետական մօտեցումին իրականացման նպաստող երեւոյթ է նախագահի դաշնակցական թեկնածուին առաջադրած ծրագիրին հրապարակումը։ «Յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնները բարոյական այնպիսի չափանիշներով պէտք է առանձնանան, որ օրինականութեան հարց երբեք չյառաջանայ։ Մեզի պէտք է այնպիսի նախագահ, որ անոր մրցակիցները բաց սրտով շնորհաւորեն զինք»։ Այս բանաձեւումը պայմանական է խորհրդարանական ընտրութիւններով արձանագրուած յառաջընթացը ամրագրելու եւ զարգացնելու համար։ Տակաւին. քաղաքական տողատակի ընթերցումով ընտրութիւնները կը պայմանաւորուին եւրոպական խոստումները գործողութիւններու վերածելու մօտեցումով, նկատի ունենալով Եւրոպական խորհրդարանի քննարկումներու եւ գնահատականի վերարծարծման ժամանակը։
Պաշտօնական քարոզարշաւի ազդանշանը տրուած է։ Ազդանշանը ոչ միայն քարոզարշաւին կը վերաբերի, այլ ճակատագրական քննութենէ մը յաջող դուրս գալուն։ Բոլոր նախադրեալները ցոյց կու տան, որ միակ ուժը, որ կը գերադասէ ընտրութիւններուն օրինականութիւնը խնդրոյ առարկայ չդարձնելը եւ մեր հայրենիքը արժանապատիւ ձեւով ընտրական քննութենէն յաջող դուրս բերելը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է։
«Ազդակ»