
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Փասատինայի «Նիկոլ Դուման» ուխտին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 8 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ ուխտին տարեկան «Ընտանեկան երեկոյ» հաւաքոյթը։
Ուխտը որոշած է այս տարուան հաւաքոյթին հասոյթը նուիրել Յունուարի հրդեհներուն ընթացքին հրոյ ճարակ դարձած Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի «Ճիւալակեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ։ Մասնակցութեան սակը 60 տոլար է, իսկ մինչեւ 12 տարեկաններու համար՝ 40 տոլար։ Տեղեր ապահովելու համար պատգամ մը յղել (626) 733-8265 թիւին՝ նշելով ձեր անունը եւ մասնակցողներու թիւը։