Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, արձագանգելով Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայերը անյապաղ ազատ արձակելու մասին ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրքի յայտարարութեան՝ յայտնեց, որ «արդարութեան հասնելու համար պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկել պատերազմական յանցագործութիւններու, ցեղային զտումներու, պատերազմական գործողութիւններու, խոշտանգումներու եւ այլ ծանր յանցագործութիւններու համար մեղադրուողները կամ դատապարտուողները»:
«Միայն ճշմարտութեան բացայայտումով եւ յանցագործութիւններու հետեւանքներու վերացումով խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը պիտի յաղթեն անպատժելիութեան», ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու, ըսաւ Հաճիզատէ:
Յիշեցնենք, որ 3 Մարտին, Ժընեւի մէջ, Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 58րդ նստաշրջանին, իր ելոյթին ընթացքին, ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրք առանձնացուց Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր անձերուն, որոնց կարգին ազգութեամբ հայերուն հարցերը` ըսելով, որ անոնք պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին, պէտք է բոլորովին պահպանուի արդար դատաքննութեան անոնց իրաւունքները։