
Պաքուի մէջ ընթացող շինծու դատավարութեան ընթացքին, Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեան հաստատեց իր մասնակցութիւնը Արցախի ազատագրական պայքարին՝ նշելով, որ հոն, ուր ինք չէ մասնակցած, եթէ անհրաժեշտութիւնը ըլլար՝ կը մասնակցէր:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ, դատավարութեան ընթացքին, Արցախի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան ըսած էր, որ Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը 44օրեայ պատերազմին պայմանաւորուած էր Արցախի ապահովութեան երաշխաւոր ըլլալու հանգամանքով, ինչ որ իրաւական տեսանկիւնէ կը նկատուի օրինական:
ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆԸ՝ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԸՆԵԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքի փաստաբան Ճերըտ Կենսըր «Էքս»ի իր էջին ճամբով կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ աւելի աշխոյժ կերպով միանալու Պաքուի բանտերէն գերիները ազատ արձակելու գործին եւ բացատրեց է, թէ Փաշինեան ի՛նչ կրնայ ընել:
«Առաջնահերթութիւն յայտարարել գերիներու ազատ արձակումը, հրաւիրել մամլոյ ասուլիսի եւ յօդուած գրել առաջատար թերթի մը մէջ: Հանդիպում ունենալ գերիներու ընտանիքներուն հետ, դիմել Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին եւ ԵԱՀԿին` «դատարաններ»ը դիտորդներ ուղարկելու խնդրանքով: Կոչ ուղղել դաշնակից երկիրներուն, որոնք դեսպանատուներ ունին Պաքուի մէջ՝ իրենց ներկայացուցիչները ուղարկել «դատարաններ»ը եւ նոյնիսկ խնդրել Պաքուէն՝ թոյլատրել հայ դիտորդներու մասնակցութիւնը: Դիմել Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան առաջնորդներուն: Շարունակել դատավարութիւնները ՄԱԿի Միջազգային դատարանին եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄՔԴ) մէջ, պահանջել ՄՔԴ դատախազէն՝ Արցախէն Հայաստան 120,000 հայերու արտաքսման վերաբերեալ հետաքննութեան սկսիլ: Դիմել ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարին եւ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին»:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒՆ
Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան՝ Ատրպէյճանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Սապինա Ալիեւա այցելեց Պաքուի բանտը պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն:
Ալիեւա հանդիպում ունեցաւ Արայիկ Յարութիւնեանի, Ռուբէն Վարդանեանի, Բակօ Սահակեանի, Դաւիթ Բաբայեանի, Արկադի Ղուկասեանի եւ միւսներուն հետ:
Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութեան քննչական մեկուսարանին մէջ պահուող Ռուբէն Վարդանեան եւ Բակօ Սահակեան յայտարարած են, թէ «խտրականութեան կամ վատ վերաբերմունքի չեն արժանանար, պահման պայմաններէն գոհ են, բժշկական օգնութենէ չեն զրկուած »:
Կարելի չէ անկախ աղբիւրներէ ճշդել Ատրպէյճանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Սապինա Ալիեւայի յայտարարութիւնները:

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԳԷՏԸ Կ՛ԱՐՏԱՅԱՅՏԷ ՀԱԿԱՌԱԿ ՏԵՍԱԿԷՏԸ
«Այս լուսանկարը շատ ակնյայտ ցոյց է տալիս, թէ ինչ վիճակում է Վարդանեանը, որքան էլ ադրբեջանական կողմը փորձում է դա կոծկել», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է ատրպէյճանագէտ Տաթեւիկ Հայրապետեան:
«Ադրբեջանական մամուլը հրապարակում է տարածել այն մասին, որ Ադրբեջանի ՄԻՊը այցելել է Ռուբէն Վարդանեանին, Բակօ Սահակեանին եւ տեսակցել Բաքւում պատանդառութեան մէջ գտնուող մեր այլ հայրենակիցների: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ իբր թէ Վարդանեանը ըսած է, որ՝ «դաժան վերաբերմունքի չի ենթարկուել եւ գտնւում է նորմալ պայմաններում…: Կարծում եմ այս լուսանկարը շատ ակնյայտ ցոյց է տալիս, թէ ինչ վիճակում է Վարդանեանը, որքան էլ ադրբեջանական կողմը փորձում է դա կոծկել: Իսկ ՄԻՊի այցը եւ այս հաղորդագրութեան տարածումը իմ գնահատմամբ վկայում են` Բաքուի վրայ ճնշումները չեն կարող ազդեցութիւն չունենալ: Այս այցով նրանք փորձում են ցոյց տալ, թէ իբր ամէն ինչ «կարգին է»: Եթէ ամէն ինչ այդքան «կարգին» է, ապա թող թոյլ տան Վարդանեանին եւ այլ պատանդառու հայերին այցելեն միջազգային իրաւապաշտպաններ, բժիշկներ եւ այլ ներկայացուցիչներ…», գրած է Հայրապետեան։