Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն` իր իսկ դիմումով, կը յայտնէ «Ազատութիւն»ը` յղում կատարելով կառավարութեան լրատուականին:
Կը նշուի, որ այսպիսի պայմանաւորուածութիւն մը ձեռք բերուած է ամիսներ առաջ:
Մինչ պաշտօնապէս չեն նշուիր այս քայլին պատճառները, մամուլը կը յայտնէ, որ Կիրակոսեան եւ անոր ամբողջ խումբը հրաժարական ներկայացուցած են:
Կառավարութենէն հաստատեցին, որ Կիրակոսեանի ղեկավարած գրասենեակի անդամներուն զանգուածային հրաժարականներուն վերաբերեալ տեղեկութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ: «Գրասենեակը բնականոն հունով շարունակում է իր գործառոյթների իրականացումը»:
Յայտնենք, որ Եղիշէ Կիրակոսեան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական եւ ՄԱԿի արդարադատութեան դատարաններուն մէջ կը ներկայացնէ Պաքուի դէմ Երեւանի հայցերը: Ան այս պաշտօնը կը վարէր 2018էն ի վեր: