«Ուրիշ աշխարհ մը կարելի է» կարգախօս նպատակով 2001ին պրազիլեան Փորթօ Ալեկրէ քաղաքին մէջ ծնունդ առաւ Համաշխարհային ընկերային ֆորումը։ Միջոցառումը տեղի ունեցաւ տաւոսեան միջազգային հաւաքին զուգահեռ եւ մէկտեղեց բոլոր այն դերակատարներն ու օրակարգային նիւթերը, որոնք անտեսուած էին Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին կողմէ։ Օրին, Փորթօ Ալեկրէի հոլովոյթը քիչ մը միամտաբար, բայց յատկապէս չարակամօրէն որակուեցաւ որպէս «հակահամաշխարհայնացում»։ Հ.Ը. ֆորումի կազմակերպողներուն համար, սակայն, խնդիր չկար հակադրուելու համաշխարհայնացման, այլ՝ պայքարելու անոր նորազատական ուղղուածութեան դէմ եւ վերածուիլ այլընտրանքի։ Իրօք, մինչեւ 2007, Հ.Ը. ֆորումը մեծ յաջողութեամբ կազմակերպեց իրենց տեսակին մէջ իւրայատուկ հաւաքներ, որոնք իրարու մօտ բերին աշխարհի բոլոր կողմերէն եկող քաղաքական գործիչներ, ընկերային շարժումներու ներկայացուցիչներ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ եւ մտաւորականներ։ Հարիւր հազարէն աւելի մասնակիցներ հաշուող Հ.Ը. ֆորումի տարեկան նախաձեռնութիւնները իրենց ե՛ւ օրակարգային հարցերով, ե՛ւ կազմակերպական երեւոյթով հիմնական նորութիւններ էին։ Հ.Ը. ֆորումը հասկնալիօրէն ուրեմն վերածուեցաւ կառավարման եւ ընկերատնտեսական աճի իսկական այլընտրանքի։
Այս տարի, սակայն, մինչ Տաւոսի մէջ օրակարգի վրայ կը դրուէր համաշխարհային տնտեսութեան տագնապալի հանգրուանը, ուր ազատ շուկայի «տիեզերական յաղթանակ»ին դերակատար շատ մը անձնաւորութիւններ իսկ հանդէս կու գային խորապէս յոռետես վերլուծումներով, Հ.Ը. ֆորումի տարեկան հաւաքը տեղի չունեցաւ։ Մէկ հաւաքի փոխարէն, աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ, Յունուար 26ին, տեղի ունեցան զօրաշարժեր եւ հաւաքներ՝ Զօրաշարժի համաշխարհային օրուան ծիրին մէջ։ Հ.Ը. ֆորումի յաջորդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 2009ին, պրազիլեան Ամազոնի Պելէն քաղաքին մէջ։ Հ.Ը. ֆորումի այս տարուան հաւաքին փոխարինումը զօրաշարժի հաւաքներով բնականաբար հարցականներ առաջացուց։ Աւարտա՞ծ է արդեօք ֆորումի հոլովոյթը, թէ՞ ինքզինք սպառած։
Խորքին մէջ, ֆորումը իր ծնունդի օրէն իսկ դէմ յանդիման գտնուեցաւ հիմնական հարցադրումի մը։ Պիտի մնա՞ր բողոքի ու բանավէճի էապէս հորիզոնական բեմ մը, որ պիտի յատկանշուէր իր ուղղակի ժողովրդավարութեամբ, թէ՞ պիտի օժտուէր ղեկավար մարմինով մը, որ ի վերջոյ պիտի վերածուէր խօսքէն գործի անցնելու հանգրուանը սահմանող եւ առաջնորդող օրգանի։ Հարցադրումը անխուսափելիօրէն սեղանի վրայ կը դնէր պետութիւններու դերը։ Ի դէպ, սկզբունքով Հ.Ը. ֆորումը քաղաքական կուսակցութիւններու մասնակցութիւնը զանց առած էր՝ շրջանցելու համար իշխանութեան համար պայքարի ամէն բանավէճ։ Այս, անշուշտ, չէր նշանակեր, որ ֆորումը ինք այսպէս կոչուած ապաքաղաքական ոլորտ մըն էր, ոչ ալ կը մերժէր քաղաքական ներկայացուցիչներու ելոյթները։ Ի դէպ, 2001ին իսկ այն ժամանակ ընտրարշաւի մէջ գտնուող Պրազիլի Աշխատաւորական կուսակցութեան թեկնածուն՝ Ինասիօ «Լուլա» Տա Սիլվա, ֆորումի կեդրոնական դերակատարներէն մէկն էր արդէն։ Յաջորդ տարիներուն, Լուլայի կողքին ֆորումին իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ ելոյթ ունեցան նորազատական համակարգին բացայայտօրէն մարտահրաւէր կարդացող շատ մը քաղաքական ու պետական անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին յատկապէս Վենեզուէլլայի նախագահ Հուկօ Չաւէզ։ Ֆորումը, սակայն, իր էութեամբ ներշնչած էր բազմաթիւ մտաւորականներու ու քաղաքական ու հասարակական գործիչներու որպէս ապապետական կառավարման առաջին նախաձեռնութիւն։ Աւելի՛ն, լոյս տեսած են բազմաթիւ հրատարակութիւններ, որոնք քաղաքական տեսութեան ոլորտի մէջ սահմանած են համաշխարհային զօրաշարժի այս նորագոյն հանգրուանը։
Յստակ է, որ Հ.Ը. ֆորումը համաշխարհային ինչ որ յեղափոխութեան մը հոլովոյթը չէ, այնպէս ինչպէս 19րդ դարուն ծրագրած էր ըլլալ Մարքսի ու Էնկէլսի ջանքերով ստեղծուած առաջին Ըկերվար Միջազգայնականը։ Ոչ ալ ֆորումը լենինեան ռազմավարութեան հետեւումով ինչ որ «յառաջապահ» կուսակցութեան մը վերածուելու հետամուտ է։ Ընդհակառակը, անոր խորապէս ժողովրդավար բնոյթը զայն հեռու կը պահէ ամբողջատիրական ամէն փորձութենէ։ Սակայն սխալ է ենթադրել, որ Հ.Ը. ֆորումը ապարդիւնօրէն ինքզինք սպառած հոլովոյթ մըն է։ Ընդհակառա՛կը, անցնող եօթը տարիները եկան ցոյց տալու որ արդէն գործընթացի մէջ գտնուող համաշխարհային տնտեսական նոր համակարգ մը կարելի է ծրագրել որպէս այլընտրանք ցարդ տիրապետող ազատ շուկայական տոկմային՝ առանց վերադառնալու շուկան ժխտող ձախող փորձառութիւններու կրկնումին։ Այլ խօսքով՝ ֆորումին շնորհիւ միջազգային օրակարգի նիւթ դարձած շատ մը հարցեր, որոնց կարգին յատկապէս հարստութեան արդար վերաբաշխումին տնտեսական համակարգը ժողովրդավարացնելու հրամայականները, այսօր բանավէճի ու քաղաքական բանաձեւումի ընթացքի մէջ են նոյնիսկ Տաւոսի մէջ։
Արդարեւ, Հ.Ը. ֆորումին դերակատարութիւնը անժխտելի է Լատին Ամերիկայի մէջ 21րդ դարու սկզբնաւորութեան տեղի ունեցած «դէպի ձախ թեքում»ը, ընդ որում կեդրոն-ձախ քաղաքական ուժեր ժողովրդավար քուէով իշխանութեան հասան եւ մնացին։ Այդ ուժերն են որ նախաձեռնած են տնտեսական այլընտրաքային քաղաքականութիւններու, որոնք, ինչպէս տարածաշրջանի տնտեսական աճը ցոյց կու տայ, հեռաւորութիւն պահելով հանդերձ ազատ շուկայական տոկմայէն, կարեւոր դեր վերապահելով հանդերձ պետութեան, ծրագրուած տնտեսակարգէ շատ հեռու են։ Ճիշդ է, իւրաքանչիւր երկիր ունի իր իւրայատկութիւնները եւ, օրինակի համար, Վենեզուէլլայի փորձարկած այսպէս կոչուած «պոլիվարեան յեղափոխութիւն»ն ու «21րդ դարու սոցիալիզմ»ը շատ տարբեր են Պրազիլի, Չիլիի եւ Արժանթինի աւելի զգոյշ քաղաքականութիւններէն, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր որ այդ պետութիւնները իրարու հետ չեն համագործակցիր շրջանային եւ մինչեւ իսկ միջազգային մակարդակներով։ Ի դէպ, Լատին Ամերիկայի ցամաքամասէն Տաւոսի միջոցառման այս տարի մասնակցեցաւ միայն Մեքսիքոյի նախագահը։ Միւսներուն համար Տաւոսը ոչ իսկ օրակարգի նիւթ էր։ Կարելի է մինչեւ իսկ հաստատել, որ ֆորումի առաջադրած համաշխարհային զօրաշարժը եւ անոր բողոքի բնոյթը իրենց կարեւոր անդրադարձը ունեցան Եւրոպական միութեան Սահմանադրութեան 2005ի տարբերակը մերժող ժողովրդային «ո»չի բանաձեւման մէջ, ի մասնաւորի Ֆրանսայի մէջ։
Հ.Ը. ֆորումի գլխաւոր դերակատարները չեն ժխտեր որ ինչ որ Ֆորումը «շփոթ»ի հոլովոյթէ մը կ’անցնի։ Այդ մէկը, սակայն, համազօր չէ ֆորումի սպառումի։ Երեւոյթին մօտէն հետեւած արժանթինցի Խուլիօ Կամպինա դիտել կու տայ, որ ֆորումը առիթ ստեղծած է համաշխարհային նոր ենթակայի մը կառուցման այնպէս, ինչպէս ոչ իսկ Մարքս կամ Էնկէլս կրնային երեւակայել։ Սակայն ժամանակը հասած է, որ ան դուրս գայ զուտ բողոքի բեմահարթակի իր բնոյթէն եւ գործի անցնի։ Այլ խօսքով, ըստ արժանթինցի մտաւորականին, ժամանակն է դրամատիրական կարգերու գերազանցման հետամուտ հասարակարգի մը կառուցման։ Կրնա՞ն, օրինակի համար, Հարաւի Դրամատան նման նախաձեռնութիւններ տնտեսական աճի ու զարգացման նոր ուղի մը բանալ։ Հարցումը տեղին է այն իմաստով, որ Տաւոսի մէջ արդէն բացայայտուած դրամատիրական համաշխարհային համակարգային փոփոխութեան ընթացքը կրնայ եւ պարզապէս յանգիլ ուժային եւ որոշումի կեդրոններու փոփոխութեան։
Այս իմաստով, այնքան ալ կարեւոր չէ թէ տնտեսական համաշխարհային գործընթացը ճշդող որոշումները Ուաշինկթըն առնուին թէ Պէյժինկ։ Այդ փոփոխութիւնը ուժերու հաւասարակշռութեան վերադասաւորում կ’ըլլայ պարզապէս։ Ինչ որ անհրաժեշտ է, ինչ որ Հ.Ը. ֆորումը առաջադրած է, ինչ որ Լատին Ամերիկայի եւ զարգացող այլ երկիրներու մէջ կարծես կը նախաձեռնուի տնտեսական զարգացման նպատակաուղղուածութեան փոփոխութիւնն է դէպի միջազգային համակարգ մը, որ բացառէ հասարակական այն սուր բեւեռացումը, որ նորազատական ուղղուածութեամբ համաշխարհայնացման հոլովոյթը ստեղծեց անցնող երեք տասնամեակներուն, բայց յատկապէս իննիսունական թուականներուն։
(*) Խ. Տէր Ղուկասեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ծանօթ հրապարակագիր: