
Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Լիւքսեմպուրկը ներկայացնող պատգամաւոր Ֆերնանտ Քարթէյզըր նամակ մը յղած է արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովական հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալասին եւ անոր ուշադրութիւնը հրաւիրած Պաքուի մէջ անօրինաբար պահուող Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս հայ գերիներուն ներկայ կացութեան վրայ:
Ըստ Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին՝ Քարթէյզըր իր նամակին մէջ կ՛ընդգծէ, որ Ռուբէն Վարդանեանի վիճակը մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ: Իբրեւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ` Քարթէյզըր անհրաժեշտ կը նկատէ լուսարձակի տակ բերել Վարդանեանի բանտարկութեան եւ դատավարութեան վերաբերեալ հրատապ հարցերը, որոնք չեն համապատասխաներ միջազգային դատաիրաւական չափանիշներուն: Ան կը նշէ, թէ Ռուբէն Վարդանեանի սկսած հացադուլը իր կարգին աւելցուցած է մտահոգութիւնները, որովհետեւ անոր առողջական վիճակը մեծապէս վատթարացած է, ինչ որ վտանգ կը ներկայացնէ անոր կեանքին։
«Պարոն Վարդանեանի հետ Ատրպէյճանի մէջ կը պահուին 22 այլ հայեր, որոնց իրաւունքներու խախտում կ՛արձանագրուի: Անոնց բանտարկութիւնը կը հակասէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն: Նկատի ունենալով իրավիճակին լրջութիւնը` ես խորապէս երախտապարտ պիտի ըլլամ, եթէ դուք այս հարցին մէջ ցուցաբերէք ձեր աջակցութիւնը: Վստահ եմ, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ ձեռնարկուած յստակ քայլերը կրնան էականօրէն օգնել բանտարկուած այս անձերուն: Կայ աճող մտահոգութիւն, որ անոնք կրնան օգտագործուիլ իբրեւ պատանդներ», իր նամակին մէջ կը գրէ Քարթէյզըր եւ կոչ կ՛ուղղէ Քայա Քալասին՝ նկատի ունենալու հայ գերիները անյապաղ ազատ արձակելու հարցով դիմելու հնարաւորութիւնը, իսկ անկէ ետք աջակցելու անոնց ապահով Հայաստան վերադարձին:
Քարթէյզըր իր նամակը կ՛եզրափակէ` ըսելով, որ այս բոլորը, անշուշտ, պայմանաւորուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ներկայ բարդ յարաբերութիւններով: Քարթէյզըր խորապէս կը յուսայ, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ նպաստել այդ յարաբերութիւններու բարելաւման եւ պիտի օգնէ պաշտպանել Հայաստանի իրաւունքները եւ ապահովութիւնը այն պայմաններուն մէջ, երբ որեւէ պահու կրնայ բռնութիւններու նոր բռնկումը սկսիլ։