ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Կեանքի ընթացքին, տխուր դէպքեր, կամ յանկարծ պատահած հոգեկան ծանր ցնցումներ պատճառ կը դառնան, որ մարդոց միտքը թուլնայ եւ լալու սկսին: Նորածին մանուկներէն սկսեալ լացը մարդկային կեանքին մաս կը կազմէ, ջղային դրութեամբ հիւսուած մարդու մարմինին բնական վիճակէն մէկը ըլլալով:
Նորածին մանուկներու անխօս լեզուին փոխարէն, անոնց անօթութեան խօսքը ըլլալով՝ լացը իրենց մօտ կը կանչէ զիրենք լոյս աշխարհ բերած մայրը, որպէսզի յագենան եւ լռեն: Ծննդաբերութենէ նոր ազատած մայրեր գիտեն, թէ մօտաւորապէս երեք ժամերու դադար ունին, իրենց նորածինը կերակրելէն մինչեւ անոր յաջորդ անօթութեան ժամը:
Գիտակցութեան եկած անձերու պարագային տարբեր է կացութիւնը, երբ սովի մատնուած անհատներ անօթութեան անդիմադրելիութեան պատճառով կ՛արտասուեն, երբեմն… առանց արցունքի…։ Հայոց Ցեղասպանութեան պատկերներուն մէջ, կմախքացած մարմիններով սովի մատնուած մանուկներու տխուր դէմքերը այնքան յստակ կը ներկայացնեն, անընդհատ լացի պատճառով, արդէն չորցած աչքերը անոնց…։ Ուրեմն, անոնց արցունքի գեղձերը չորցած էին լալէն, սակայն նայուածքը կը փաստէր լացին զգացական ներկայութիւնը, առանց արցունքի:
Մանկավարժական դաստիարակութեան մատուցած գիտութեան միջոցով ծանօթ է ներկայ աշխարհը, որ մանուկները ծեծի ենթարկուելով կրթութեան տարիներ անցընելու դրութենէն փրկուած են: Սակայն, ծեծի փոխարէն խօսքը, դաստիարակչականօրէն դրուած արգելքները, ազատութեան համար կատարուած սահմանափակումները, դարձեալ արցունքներ կը հոսեցնեն մանուկներու աչքերէն:
Մարդկութեան ապագան, աշխարհի քաղաքականութեան բարեզարդումը, կրօններու եւ ազգերու միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան եզրերը, բոլո՛րն ալ նախնական պատկերներով կարելի է ուրուագծել մանուկներու ուղեղներու մէջ, կեանքին նոր բացուելու անոնց ամէնէն կանուխ տարիներուն: Սակայն, ո՞վ է այս մասին մտածողը, սկսեալ անոնց առաջին դաստիարակներէն՝ ծնողներէն: Ներկայիս շատցած է թիւը այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներուն փափաքած խաղալիքներուն համար սահմանափակումներ դնելուն հակառակ են: Անոնք յաճախ իրենց մանկութեան տարիներուն զրկուած ըլլալու դժգոհութիւնը տակաւին իրենց սիրտին մէջ ունենալով՝ իրենց զաւակներուն բոլոր պահանջները անմիջական փութով կը կատարեն՝ կարծելով, թէ բարիք կ՛ընեն անոնց…։
Կեանքի օրէնքը մարդ էակին ուղեղին մէջ մանկութեան օրերուն կը հաստատուի, սակայն վերոյիշեալ մօտեցումը կ՛անդրանցնի բոլոր օրինական սահմանները, անօրինութեան վարկանիշեր արձանագրելով, նոյնիսկ մանկութեան տարիներուն: Լացը լաւագոյն միջոցներէն մէկն է մանուկներուն մօտ, նոյնիսկ նոր կազմաւորուող ուղեղին պարագային, որպէսզի զգացական աշխարհին բանայ իր դուռը, եւ իր հոգեկան բոլոր ծալքերուն ծանօթանալու առիթը ունենայ:
Պատահած է, որ տարեց դարձած անձեր յստակօրէն վերյիշած են իրենց մանկութեան վաղ տարիներու լացերէն մէկուն կամ միւսին պատճառը, տեղափոխուելով այդ տարիները, երբ այլեւս չկան այդ լացը պատճառողները, ըլլան անոնք ծնողները, կամ այլ անձեր: Կեանքի տեսերիզները այնքան շատ են, որ եթէ նոյնիսկ ներկայ արհեստագիտութեան միջոցներով ստեղծուի հսկայական դարաններ, կարելի պիտի չըլլայ մարդկային յիշողութեան չափ ընդարձակ տեղ ունենալ:
Կան նաեւ կեղծ լացի միջոցներուն դիմողներ, զորս կարելի է նմանցնել կոկորդիլոսներուն: Մանուկի մը լացի ձայներ արձակող կոկորդիլոսները բնազդօրէն գիտեն, որ այդ «երեխային» օգնութեան հասնողներ անպայման պիտի ըլլան շրջակայքին մէջ…։ Ուրեմն, անոնք լրջօրէն կը նախապատրաստուին յարձակումի, գէթ քանի մը հարուածային լափերով օրուան անօթութիւնը փարատելու:
Կոկորդիլոսեան ամէնէն տարածուն լացը, նոյնաձեւ կեցուածք որդեգրած մարդոց պարագային, աղքատ ձեւանալու մտայնութիւնն է: Ասիկա փաստուած երեւոյթ է նոյնիսկ հարուստներու պարագային, որոնք իրենց ունեցուածքը ի պահ դրած՝ անտուն, կամ գէթ անյարմար բնակարանի մը մէջ ծուարած ըլլալու իրավիճակ կը պարզեն հանրութեան մօտ: Շատ քիչերու պարագային, անոնց մահէն ետք կը յայտնուի, թէ որքա՜ն հսկայ հարստութեան տէր եղած են, զոր առանց վայելելու, դժբախտագոյն օրերու մատնուած, հեռացեր են այս կեանքէն: Որքա՜ն խղճալի են այդպիսի անձեր, որոնք չեն գիտցած, թէ ի՛նչ է քանի մը տասնեակ տարիներու մէջ սահմանափակուած մարդկային կեանքը…։
Կայ վերոյիշեալներուն մեծաքանակ տեսակը, որուն ծանօթ է ընդհանրապէս շրջապատը: Այսինքն այն անձերը, որոնք իրենց շրջապատի մարդոց ծանօթ են, եւ որոնք գիտեն թէ որքան հարստութեան տէր են անոնք, եւ տեղեակ են, թէ որքան կծծիութեամբ կը պահեն իրենց ունեցուածքը: Հին ժամանակ ներքնակներու մէջ կը պահէին ոսկեդրամները, իսկ ներկայիս դրամատուներու ծածուկ հաշուետոմարներուն մէջ իրարու վրայ կը գումարուին հաշիւները, երբեմն անդրանցնելով երեւակայութեան սահմանները…։ Ասոնք ալ թատերական լացի բացառիկ դերասաններ են, որոնք հակառակ իրենց դիրքին եւ գրպաններուն մէջ բազմապատկուած անհաշիւ գումարներուն՝ գիտեն մուրացկանի դերը ստանձնել եւ յաջողապէս խաղալ զայն:
Փորձառու մայրեր երբեմն իրենց սիրտին վրայ քար դնելով՝ կը թողուն, որ իրենց զաւակը լայ, որպէսզի լացով աւարտէ լալու քմահաճ վարժութիւնը, կամ շրջապատը իրեն ենթարկելու ունակութիւնը: Այս պարագային, ուժեղ եւ անվերջանալի թուացող լացը շուտով կը դադրի…։
Երկարատեւ համարուած, բայց շուտով իր աւարտին հասնող լացին լաւագոյն բարիքը այն է, որ նոյն լացը այլեւս չի՛ կրկնուիր: Ահա՛ ծնողական իմաստութեան օրինակ մը, որ բազմանդամ ընտանիքներու ամուր հիմքը կը կազմէ: Նոյն նպատակին համար լացը յիմարութիւն է: Այսպէս, նոյնիսկ սիրելիի մահուան համար անդադար արտասուելը՝ անհաւասարակշիռ մարդու գործ է, որ ուրիշ գործ չունի, այսինքն անգործ է, եւ պատրաստ՝ իր ամբողջ կեանքը լացի յատկացնելու:
Կեանքի դաստիարակութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէ՛, այլ լաւապէս մտածուած կրթութեամբ իրականացուող գործ: Լացի տարբեր առիթներ եւ պատճառներ ունենալը անիմաստ իրադրութիւն չէ: Զգայուն հոգեբանութեամբ ստեղծուած մարդը կրնայ յուզումներու ազդեցութեան տակ ըլլալ, սակայն միեւնոյն պատճառով լալու պարտաւորութիւն չունի, որպէսզի աստուածատուր կեանքը շարունակուի ճա-կատաբաց:
Ուժեղ լացը փրկարար դերակատարութիւն ունի, մանուկ տարիքէն սկսեալ: Ծնողական դաստիարակութիւնը անփոխարինելի արժէք ունի, եւ պէտք է օգտուիլ անոնց կեանքի օրերէն: Երանի՜ այն մարդուն, որ նոյնիսկ իր հասուն տարիքին յիշէ իր ամէնէն երկար լացի օրը…։ Ատիկա իմաստուն ծնողքին անվերապահ կրթութենէն մնացած թանկագին, եւ միշտ փրկարար զօրութեամբ յիշատակ մը պիտի ըլլայ։