
Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Քասպար Վելտքամփ եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ընկերակցութեամբ այցելեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը:
«Պատիւ է հիւրընկալել Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Քասպար Վելտքամփը, Հայաստանի մօտ Հոլանտայի դեսպան Մարիքէ Մոնրօ Վինթըրը եւ Հայաստան այցելած պատուիրակութիւնը», կ՛ըսուի դիտորդական առաքելութեան «Էքս»ի էջին վրայ: