
13 Մարտին, Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ շարունակուեցաւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան շինծու դատավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը` տեղեկացնելով, որ դատական նիստին ընթացքին ցուցմունքներով հանդէս եկաւ պաշտպանութեան բանակի զօրավար Դաւիթ Մանուկեան:
Ատրպէյճանցի դատախազները անոր մասնաւորաբար հարցումներ ուղղեցին Արղախի պատերազմին Ժիրայր Սեֆիլեանի մասնակցութեան մասին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մանուկեան տեղեա՞կ էր, թէ Սեֆիլեան ծնած է Պէյրութ. ան ըսաւ, որ միայն գիտէր, թէ ան ժամանած է Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Հայաստանի քաղաքացի է:
Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարութիւնը Պաքուի մէջ կը շարունակուի փակ դռներու ետին՝ միայն ատրպէյճանական պետական եւ պետութեան կողմէ վերահսկուող լրատուամիջոցներու ներկայութեան: Անկախ աղբիւրներէ կարելի չէ ճշդել գերութեան մէջ դատուող հայերուն վերագրուող յայտարարութիւնները: